Յո՞ Երթաս Նոր Սերունդ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Կը փոխուին դարերը, տարիները կը յաջորդեն իրարու` նորութիւններ փոխանցելով մարդկութեան, իւրաքանչիւր երկիր` ըստ իր հետաքրքրութեան եւ աւանդութեան: 21-րդ դարը մուտք գործեց ամենայն արագութեամբ, իր գիտական բացառիկ եւ աննախընթաց նորութիւններով: 20-րդ դարու վերջին քսանամեակին յայտնաբերուած նորահրաշ գիտութիւնը, համակարգչային դրութիւնը հիմնովին փոխեց մարդկային ընկերութեան աշխատանքային առօրեան արագութեան թեւերուն վրայ թռչելով, օրէ օր նորահնար երեւոյթներով, որոնց դիմաց մարդը մնաց ապշահար:- «Այս ի՜նչ հրաշք, անհաւատալի, բայց իրաւ» գոչելով: Համացանցի դրութիւնը, իրարու հետ յարաբերելու դիւրութիւնը, վայրկենական ուզածդ ունենալու հետաքրքրական եւ հաճելի իրողութիւնը օգնեց անկասկած գրասենեկային, բժշկութեան, կրթական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման: Գաղտնիքը արագ ընթացքն է իրագործումներու:
Գիւտարարներ Պիլ Կէյցով եւ Սթիւ Ճոպզով սկսած (այս անունները շատ յիշուեցան) այս մեծ յեղաշրջումը ուրախացնելու չափ ալ զարմացուց աշխարհը: Երրորդ աշխարհ կոչուած մեր երկիրն ալ շատ շուտ ընկալեց եւ քայլ պահեց յառաջադէմ աշխարհին հետ, ոչինչով ետ մնաց: Որքան դիւրին եղաւ այս հաճելի եւ հետաքրքրական գործընթացը:
Համատարած կողմնորոշում, միաձայն կարծիք ու գնահատանք. համակարգիչը իր համացանցային դրութեամբ բարիք բերաւ մարդկութեան եւ անոր աշխատանքին բարելաւման: Խնայողութիւն պիտի արձանագրուէր պաշտօնեաներու, աշխատաւորներու եւ անոնց յարակից գործերու թիւին եւ աշխատանքային ժամերուն առնչուած: Այս համոզումին հետեւանքը տարիներ վերջ ցոյց տուաւ տարբեր անդրադարձում: Հաստատուեցաւ, որ համակարգչային այս արհեստագիտութիւնը երեւան բերաւ գիւտին յառաջացած զարգացման հետ, նաեւ յաւելեալ պաշտօններ` ճիւղաւորումներու հետ քայլ պահելու: Գիտութեան ընձեռած բարիքը վնասեց կարգ մը արհեստներու եւ աւանդաբար փոխանցուած յարաբերութիւններու: Օրինակի համար, պակսեցան նամակատար-թղթատարական համակարգին աշխատողները: Նոր տարուան եւ այլ տօնական առիթներով ստացուած շնորհաւորական քարտերը շոգիացան: Լուսանկարչական ոլորտն ալ տկարացաւ: Տիճիթըլ կոչուած գիւտն ալ ասպարէզ իջաւ, այս արհեստին կամ արուեստին աշխատակիցներէն շատեր անգործ մնացին: Պէտք չունիք լուսանկարներու ալպոմ պահելու: Մատդ կը կոխես համակարգիչին, անոր ուղեղը ցոյց կու տայ նկարդ, կամ ինչ որ կ՛ուզես այս կապակցութեամբ:
Հարազատներ իրարմէ կը պահանջեն նորածինի լուսանկարը, կնունքին նկարները: Պատասխանը` «Քոմփիւթըրին վրան է, կը տեսնես…»:
– Բայց ես կ՛ուզեմ ձեռքիս մէջ ունենալ նկարը, այսպէս բան կ՛ըլլա՞յ: Ի՛նչ դիւրին է ըսելը, բայց իրագործելը աշխատանքի կը կարօտի, ձեռքբերումի հարց է, երկրորդ ձեռքի աշխատանք է:
Նորութիւն մը չէ մեր նշմարածը, ամէն անձ անդրադարձած է այս բարիքին անհեթեթութեան, մանաւանդ` համակարգիչի օգտագործման հետ կապ չունեցողին համար: Աշխատանքի յաւելում եւ աշխատողի պահանջ:
Համացանցը ճամբայ բացաւ սանձարձակութեան, որ անձին ազատ շահարկումն է: Ազատութիւնն ալ իր սահմանները ունի: Այս պարագային համացանցին ներկայացուցած «ամէն բան կայ» իրողութիւնը սահմանազանցութեան գօտիին մէջ կ՛իյնայ: Հարց կը տրուի հիմա, թէ ինչո՞ւ համար նոր սերունդը այսքան փոխուեցաւ` բարոյական իմացումները անտեսելով: Որովհետեւ ան կը հետեւի «ամէն բան կայ» հետաքրքրող բանաձեւին, ինկաւ ինքնակորոյս կացութեան մէջ: Տեսաւ խենէշ տեսարաններ, սեռային անբնական արարքներ, ուզեց փորձել զանոնք, դիմեց թմրամոլութեան հաճոյքին, քանդեց առողջութիւն եւ ինքնութեան գիտակցութիւն:
Ընկեր-ընկերուհիներ փնտռել-գտնելն ալ դիւրացաւ: Քիչեր բախտաւորուեցան, շատեր ալ ծուղակը ինկան` անհաճոյ եւ վնասաբեր ծանօթութիւններու զոհը դառնալով:
– Ինչո՞ւ համար այսքան արագ փոխուեցաւ ընկերային մեր կեանքին դրուածքը, բարոյական-ընտանեկան ըմբռնումները, աւելի՛ն, հայկական մեր պահուածքը: Մեր նոր սերունդը, աղջիկ թէ տղայ, մեծ մասամբ (բացառութիւնները յարգելով) շեղած են իրենց ճամբայէն եւ կորուստի մատնուած` բարոյական-նկարագրային իմաստով: Այս մասին պէտք է դիմել մեր վարժարաններուն տնօրէնութեանց եւ ուսուցիչներուն: Թէ որքա՜ն դժուարացած է հայակերտումի դաստիարակութիւնը: Ծնողք իսկ չեն կրնար պահել իրենց զաւակներուն դաստիարակչական համոզումը: Մայր մը կ՛ըսէր.
– Ի՞նչ կրնամ ընել: Աղջիկս չեմ կրնար համոզել, թէ ուշ գիշերային, նոյնիսկ արշալուսային ժամերուն տուն չեն գար: Չեմ կրնար զսպել զինք…
Նոր սերունդին դաստիարակը համակարգիչն է իր ֆէյսպուք կոչուած ժամավաճառութեամբ եւ յարաբերութեան սէրը…
Ազգականին, հարազատին, բարեկամին, դրացիին հետ իրենց կապը խզած մեր սիրելիները կը հետաքրքրուին ֆէյսպուքին ընծայած տեղեկութիւններով: Ինչ շարժում որ կատարուած է օրուան ընթացքին, կարեւոր կամ (միայն անկարեւոր) անցուդարձեր, հոն պէտք է արձանագրուին: Այս պարագային հիւր ընդունելու ժամանակ չկայ, ոչ ալ` անոր գաւաթ մը սուրճ հրամցնելու աշխատանքը: Ֆէյսպուքը ձրի է որքան ալ ժամավաճառութիւն ստեղծէ…
Ֆէյսպուքն է ընկեր, բարեկամ ու հարազատ, մշակոյթ աժան, ցոյց կու տայ ճամբան նորարարութեան, զի ամէն բան` մաշած բնաբան: Նոր մշակոյթ է, ողջ մնայ Ամերիկան, որ իր լեզուով կարճ, լռեցուց համայն աշխարհն իմաստուն, ու տիրենց այնպէս, որ մոռցանք երկիր, հայրենիք ու վարք, մոռցանք Մաշտոցը, Սայաթ Նովան, քամանչան, Աբովեան, Կապուտիկեան, ո՞վ պիտի երգէ կամ բարբառի «Լեզուդ մոռցիր, հաւատդ ուրացիր, թէ ինչպէս ասեմ, թէ ո՞ր ազգիցն ես»: Երէկ էր մօտիկ, սիրասուն բալիկ, ձայնովդ քաղցրիկ, հնչեղ, փոխանցել կը պատգամէիր` «Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս»…
Անցեալին էր այդ, երէկը անցաւ, այսօրն է յստակ, մեր ձեռքին ունինք լեփթոփ, այփեթ, սելիւրեր, տեսա՞ք գիւտը նորաստեղծ, ինչե՜ր, ինչե՜ր կան այնտեղ: Ինչպէ՞ս ապրած էք առանց ֆէյսպուքի, վայրկեան-վայրկեանին մենք լուրեր ունինք, թէ երէկ գիշեր մենք ուր լուսցուցինք: Սիրելի մայրեր, դուք քուն մենք` արթուն: Աշխարհը այս նոր մեր մատներուն մէջ, նոր աշխարհներու փառքը կը հիւսենք: Տխրեցանք, սակայն թէ` գիւտարարներ ալ մեռած են: Արդեօք կանգ կ՛առնէ՞ նորագոյն գիւտին հրաշքը շքեղ: Նորագոյնին մրցակից բջիջայինը հապա՞…

