Երիտասարդական Պրիսմակ. Ա՛լ Պէտք Է Դադրիլ Արուեստական Շունչ Մատակարարելէ (Թարգմանչաց Տօն)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Տակաւ վարժ ենք դարձեր ամէն քայլափոխի ափսոսանքներու տեսականի տեղացնելու, երբ հարցը առհասարակ կը վերաբերի ազգային կեանքին ու հաւաքական մեր կենսակերպին:
Ժամանակէ մը ի վեր, թէեւ կ՛ապրինք ինքնաքննարկումի եւ շատ անգամ ինքնախարազանումի «պերճանք» մը` առկայ հարցերուն ու մտահոգութիւններուն դարման մը գտնելու մտադրութեամբ, աւելի կազմակերպ ու արդիւնաւէտ մթնոլորտի մը ստեղծումին նպաստելու հեռանկարով եւ ընդհանրապէս սփիւռքեան միջավայրին մէջ ինքնութեան պահպանումին կռուանները ամրապնդելու տեսակէտէ, այդուհանդերձ հիասթափութեան եւ հոգելլկումի պահեր հետզհետէ կ՛աւելնան ու կը խորանան, մեզ` հաւաքաբար անճարակ հոգեվիճակներու մատնելով:
Ըսել ուզուածը այն է, թէ բնական երեւո՞յթ պէտք է նկատել նման կացութիւններու յամեցումը մեր պարագային` իբրեւ հայրենիքէ հեռու ապրող հայկական իրականութիւն, որ խորքին մէջ դատապարտուած է հայաթափման, այլասերումի եւ ապա ինքնափճացման: Եւ կամ արագ փոփոխութիւններով յատկանշուող արդի աշխարհին մէջ, բաւարարուածի զգացումով պարուրուած, գործնապաշտութենէ թելադրուած եւ ընդհանրապէս աշխարհաքաղաքացիական հակումներու ընդառաջ, այլեւս ժամն է հասած ընդունելու անընդունելին, ըմբռնելու անըմբռնելին եւ համոզուելու ոչ համոզիչ մօտեցումներով անգամ:
Փակագիծ մը:
Կա՞յ աւելի պայծառ, խորհրդաւոր եւ հայաբոյր տօնական եղելոյթ, պատկանելիութեան զգացումի աշտարակում, ինքնութեան ու հաւատամքի փարոս, ցեղային առանձնայատկութիւններու շտեմարան, անցեալն ու ներկան հարազատօրէն իրարու շաղկապող ազգային փառապսակ, ինքնավստահութեան եւ յառաջդիմութեան հնոց, այլապէս դէպի ապագան հայող տեսլական, քան Թարգմանչաց տօնը, որ հրաշափառ կարողութիւնը ունեցած է տոկալու դարերու փորձութիւններուն, բարբարոսութիւններուն եւ ամէնէն խուժդուժ ժամանակներուն դէմ:
Փաստօրէն, միթէ Թարգմանչաց սերունդի ամէնէն նուիրական եւ ազգավայել իրագործումը պէտք չէ՞ նկատել անոնց ուժեղ կամքի ու հեղինակադրոշմի առանձնայատկութիւնը, գիտութեամբ զինուելու եւ յառաջդիմելու անոնց ունակութիւնը, ազգային ամենավսեմ արժէքներու տիրութիւն ընելու գիտակցութիւնը, ինքնութեան պաշտպանական համակարգի ստեղծումն ու ամրապնդումը, ամբողջ ազգի մը ստեղծագործ մտքին ու հոգիին իսկութիւնը արտացոլելու պատրաստակամութիւնը, այո՛, հաւաքականօրէն ինքզինք ղեկավարելու եւ ատակօրէն ապրելու մշակութային բարձրութիւնը: Եւ այս բոլորը դարեր առաջ ու մարդկային կեանքի ու մտքի նախատիպ ծաղկումին ընդառաջ:
Այսօր…
Երբ հայ եկեղեցւոյ դարպասէն ներս կը յանդգնին մուտք գործել օտարամուտ աղանդներ ու կասկածելի շարժումներ:
Երբ հայ քրիստոնէական հաւատամքին եւ ուսմունքին դէմ ասպարէզ կը ճօճեն պիղծ վարդապետութիւններ:
Երբ հայերէն լեզուին դէմ ոտնձգութիւններու եւ նկրտումներու արշաւներ կը սարքուին:
Երբ ինքնութեան ու մշակոյթի պաշտպանութեան մեր բնազդին սիւներն անգամ կը խարխլին:
Երբ անզգալաբար եւ շատ անգամ ներողամտաբար հայ վարժարանի առաքելութեան էութենէն մասնիկներ կը փոշիացնենք:
Երբ հայ գիրն ու գրականութիւնը տակաւ կը դադրի պաշտպանական զրահ դառնալէ:
Երբ հայ գիրքը ճակատագրուած է ըլլալ հնաբոյր մատեանի մէկ տարբերակ:
Երբ հայ գրաւոր մամուլը կը մղէ իր գոյութենական մարտերը:
Երբ սփիւռքեան հայ իրականութիւնը կը գտնուի գահավէժ ընթացքի մէջ եւ այլն, եւ այլն:
Անդին կը շարունակեն յամենալ կարգախօսային մօտեցումներ եւ խառնափնթոր վարքագիծեր, իբր թէ կարենալ պահելու համար ազգային բաղկացուցիչ տարրեր:
Այո՛, յետեղեռնեան սերունդին համար ճակատագրուած ըլլալու իրողութեան դէմ, անոնք խիզախութիւնը ունեցան կառուցելու ատենի եկեղեցին ու վարժարանը, ակումբն ու բնակարանը, պարզապէս խարսխելու համար գոյութեան պայքարի պատուանդանը:
Իրօք, սփիւռքեան հեղձուցիչ պայմաններու դէմ թիավարելու շնորհակալ աշխատանքներն ու քրտնաթոր ծառայութիւնները անվերապահօրէն ունեցան իրենց արդիւնքը, այդուամենայնիւ, անոնց կը պակսէր գալիքի հաշուոյն ծրագրաւորումներու անհրաժեշտութիւնը:
Ընդգծումներ:
Կեանքի յառաջդիմութեան արագասոյր ընթացքին ի տես, ո՞ւր են այն յեղափոխիչ մտածումներն ու արհեստավարժ մօտեցումները` իրաւ աշխատանքի վայելքը ապրելու համար:
Հետզհետէ բարձրացող քարաշէն կառոյցներու առատութիւնը պիտի կասեցնէ՞ անտարբերութեան, ապազգային մտմտուքներու հոսանքը:
Ո՞ւր են այն մասնագիտական հիմնարկները, որոնք պիտի ծառայեն ազգակերտ գործունէութիւններու ծաւալումին:
Պատրանքներու եւ տեղայնամտութեան յորձանուտին տարուած, մոռացութեան ենք տուած նորահաս սերունդի ղեկավարման հրամայականը, ապահովաբար` լայնամտօրէն, առանց յաւակնոտութեան, դիմացինը լսելու գիտակցական մղումով եւ ապագայակերտ տեսլականի ընդառաջ:
Ընդմիջում մը:
Դարերու մեր երազանքը կ՛իրականանար ի տես հայրենիքի անկախացումին: Եւ մենք ազգովին տակաւին չենք կրցած այս սրբազան իրականութեան համարժէք ազգային վարքագիծ ու հեռատես ռազմավարութիւն մշակել ու անցնիլ աշխատանքի:
Միթէ երազկոտ պահերու շռայլութի՞ւնը կ՛ուզենք ապրիլ, պարզապէս կարկտան ու անհեռանկար միջոցառումներու ընթացք տալով: Հայրենիքը որ պէտք է ըլլայ համազգային բոլոր հարցերուն եւ մտահոգութիւններուն կիզակէտն ու դարմանողի ռահվիրան, իր կարգին կը գտնուի անորոշութեան դէմ յանդիման:
Բա՛ւ է այլեւս պատճառաբանութիւններու հանդէսներ սարքել եւ յանձնուիլ կատարուած իրողութիւններու, փոխանակ անկարելին կարելի դարձնել պաշտպանելու համար անհայրենիք սփիւռքն ու այլասերումի վտանգին ենթակայ հսկայական քանակ մը:
Թէ ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ նման յաղթանակներ ապահովելու համար, պարզապէս համոզումի եւ հաւատամքի ատրուշաններ կանգնեցնելով իւրաքանչիւր հայու հոգիին ու սրտին ծալքերը:
Իր կարգին հայութիւնը աստուածամերձ քի՞չ հեղինակութիւններ ունի, կամ ունեցած է ամբողջ պատմութեան ընթացքին, որոնք ուղեցոյց են եղած մշտնջենական մեր վերապրելիութեան:
Չի բաւեր թուարկումներ ընել ազգային մեր ներուժին հասանելիութեան մասին, այլապէս պէտք հաւատալ անոր գոյութեան եւ ընթացք տալ անոր բոցավառումին:
Թարգմանչաց սերունդի յատկութիւնը նաեւ այս իմաստով հարկ է արժեւորել, արիութեամբ նախաձեռնելու, ստեղծագործելու եւ պայծառ միտքերու հնոցներ կառուցելով` վերարժեւորելու ազգային մեր ճանապարհն ու հայութեան ճակատագիրը:
Այս խօսքով, հնամաշ ու տխեղծ գործելակերպով չենք կրնար դիմակայել հուժկու յորձանուտները` որոնք կ՛ուզեն այլակերպել մեր լեզուն եւ ինքնութիւնն անգամ:
Թարգմանչաց խորհուրդը մեր արժէքներուն տիրութիւն ընելու հանապազօրեայ կանչն է, եւ ապահով յենարանը, իբրեւ միասնական ազգի ու հայրենիքի պատուանդան:

