Լիպիոյ Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Աշխատակիցը Դեսպանի Սպանութեան Համար Կը Մեղադրէ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Vz.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Լիպիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատան անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Էրիք Նորտսթրոմ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի երկրորդ տեղակալ Շերլին Լեմպը մեղադրած է` դեսպանատան անվտանգութիւնը ուժեղացնելու իրենց բազմաթիւ խնդրանքները չկատարելու յանցանքով, ինչ որ պատճառ դարձած է 11 սեպտեմբերի ողբերգութեան, որուն ընթացքին զոհուեցան Լիպիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն ու դեսպանատան քանի մը աշխատակիցներ:

«Մենք բոլորս միաձայն կ՛ըսէինք, որ մեզի լրացուցիչ ներուժ պէտք է: Լեմպ ինծի ըսաւ, որ չենք կրնար պահանջել, որ դեսպանատան տարածքի անվտանգութիւնը ապահովող խումբը մնայ: Ես հասկցայ, որ ատիկա կ՛ըսուէր, որովհետեւ ատիկա սուղ պիտի արժէր: Սակայն մենք ամէն պարագայի դիմում գրեցինք», ըսած է Նորտսթորմ:

Ան բացատրած է, որ դիմումը ներկայացուցած են ամառը, երբ անվտանգութեան ապահովման շարժական խումբերը պէտք էր լքէին Լիպիան, ուր կը գտնուէին երկրին մէջ ընթացած զինուորական գործողութիւններէն ետք:

Լեմպ ըսած է, որ այդ խումբերը պէտք է ամէն պարագայի հեռանան երկրէն, որովհետեւ յանձնարարութիւնը փոխուած է եւ դեսպանատան անվտանգութեան ապահովումը պիտի փոխանցուի լիպիացի աշխատակիցներուն: Իբրեւ արդիւնք, դեսպանատան մէջ մնացած են անվտանգութեան ծառայութեան ընդամէնը երեք ամերիկացի աշխատողներ:

Յիշեցնենք, որ 11 սեպտեմբերին Պենկազիի մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումին պատճառով զոհուած էին Լիպիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթոֆըր Սթիվընսըն եւ երեք աշխատակիցներ:

Share this Article
CATEGORIES