Ալիեւ «Պրիթիշ Փեթրոլիում»-ը Կը Մեղադրէ Քարիւղի Արդիւնահանման Ծաւալը Կտրուկ Կերպով Նուազեցնելու Համար
«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բրիտանական «Պրիթիշ Փեթրոլիում» ընկերութեան գլխաւորութեամբ միջազգային ընկերութիւններու ընկերակցութիւնը մեղադրած է Ազրպէյճանի տարածքին մէջ «Ազերի» եւ «Շիրակ» քարիւղահանքերուն մէջ քարիւղի արդիւնահանման ծաւալներու կտրուկ նուազեցման համար:
Ալիեւ այս մասին յայտարարած է կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուած է Ազրպէյճանի ընկերային-տնտեսական զարգացումը վերջին 9 ամիսներուն:
Ալիեւ միջազգային ընկերութիւններու ընկերակցութիւնը մեղադրած է նաեւ թոյլ տրուած սխալներու համար: Ըստ Ալիեւի, արդիւնահանման անկումը արձանագրուած է 2008-էն ետք, երբ ըստ համաձայնութեան, բաշխուելիք եկամտաբեր քարիւղի ծաւալները փոխուած են յօգուտ Ազրպէյճանի` 75-25 յարաբերակցութեամբ:
Ըստ անոր, միայն 2011-ին նախատեսուած 41.2 միլիոն թոն քարիւղէն 36 միլիոն թոնը արդիւնահանուած է: Իսկ այս տարի նախատեսուած 35.6 միլիոն թոնին փոխարէն 33 միլիոն թոնը արդիւնահանուած է:
Ըստ հաշուարկներու, այդ «սխալներուն» պատճառով Ազրպէյճան չորս տարուան ընթացքին 8.1 միլիոն տոլար եկամուտի կորուստ ունեցած է:
Ալիեւը յատկապէս վրդովեցուցած է «խոստումները չկատարելը», եւ ան յանձնարարած է «պաշտօնական մակարդակով» բարձրացնել այդ հարցը:
«Ազերի»-ի եւ «Շիրակ»-ի մէջ 28.7 միլիոն տոլարի ներդրումներ կատարած միջազգային ընկերութիւններու ընկերակցութիւնը 73 միլիոն տոլարի եկամուտ ունեցած է:


