Թուրքիոյ Խորհրդարանը Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Մարտական Գործողութիւններ Կատարելու Լիազօրութիւն Տուաւ Կառավարութեան

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը հինգշաբթի օր թրքական կառավարութեան դրացի յաւելեալ երկրի մը մէջ զինուորական գործողութիւններ կատարելու լիազօրութիւն տուած է: Այս պարագային, ըստ էութեան, սահմանակից հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական գործողութիւններու իրականացման արտօնումը մէկ տարիով երկարաձգուած է:

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը յաւելեալ մէկ տարիով երկարաձգած է հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ մարտական գործողութիւնները:

Որոշումին որդեգրումէն ժամեր առաջ թրքական օդուժը հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի գտնուած շրջանները լայնատարած ռմբակոծման ենթարկած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES