Յունաստանի Մէջ Անգործութիւնը Մրցանշային Ցուցանիշի Հասած Է
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը գրէ, որ Յունաստանի մէջ անգործութիւնը հասած է մրցանշային 25.1 առ հարիւր ցուցանիշին, ինչ որ անմիջականօրէն պայմանաւորուած է տնտեսական տագնապով: Ասիկա կը նշանակէ, թէ Յունաստանի իւրաքանչիւր չորս բնակիչներէն մէկը անգործ է:
Անցեալ հինգ տարիներուն ընթացքին երկրին մէջ անգործներուն թիւը եռապատկուած է: Ըստ վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն, 2012-ի յուլիսին Յունաստանի 11 միլիոն բնաչութենէն ընդամէնը 3.8 միլիոնը աշխատած է:
Անգործութիւնը ակնյայտ կերպով բարձր է երիտասարդութեան մօտ, որոնց 54.2 առ հարիւրը անգործ է:
CATEGORIES Միջազգային

