Պըրրի Շոլի Հետ Քննարկեց Մարդկային Իրաւունքներու Եւ Մահապատիժի Առնչուող Հարցեր
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փարիզի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Քրիսթիան Շոլը` ներկայութեամբ Պէյրութի եւ հիւսիսային Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքաներու նախագահներ Նուհատ Ժապըրի եւ Պասսամ Տայայի:
Քննարկուեցան մարդկային իրաւունքներու եւ մահապատիժի միջազգային օրուան 10-ամեակին առնչուող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ մահապատիժը ջնջելու կարելիութիւնը` նկատի ունենալով, որ տակաւին կան երկիրներ, որոնք կը գործադրեն մահապատիժը:
Պըրրի ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Միխայել Տահերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգի կառավարիչ Ալեքս Շեռնով եւ Լիբանանի մէջ Ուրուկուէյի դեսպան Ճորճ Լուիս Ճուր, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
CATEGORIES Լիբանանեան


