«Դիմադրութեան Զէնքը Մաս Կը Կազմէ Լիբանանի Պաշտպանութեան Ռազմավարութեան Եւ Կ՛օգտագործուի Միայն Իսրայէլի Դէմ» Ընդգծեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ պէտք չէ շփոթել Հըզպալլայի եւ Դիմադրութեան զէնքին միջեւ` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան զէնքը մաս կը կազմէ երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան, որուն նախագիծը կը քննարկուի Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Դիմադրութեան զէնքը կը գործածուի Լիբանանի պաշտպանութեան ի խնդիր, ընդդէմ` իսրայէլեան որեւէ յարձակումի:
Ան աւելցուց, որ այդ զէնքը կ՛օգտագործուի նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակելու նպատակով` ըստ երկրին քաղաքական իշխանութեան որոշումին:
«Իսկ այն զէնքը, որ ներքին լիբանանեան նպատակներով կ՛օգտագործուի, ապա անոր գործածութիւնը արգիլուած է, ըլլայ ան Հըզպալլային, սալաֆականներուն, թէ այլոց կողմէ», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը:
Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք լաւատես է ներքին լիբանանեան ապազինման առումով, սակայն դիտել տուաւ, որ տակաւին այդ հանգրուանին չենք հասած:
«Այս թղթածրարը եւս Ազգային երկխօսութեան նիստին քննարկումի առարկայ պիտի դառնայ», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ առաջին հանգրուանին պիտի պահանջուի այդ զէնքին գործածութիւնը սառեցնել, իսկ երկրորդ հանգրուանին` զինաթափումը կատարել», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
«Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան համաձայն, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ այս հանգրուանին հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանակից շրջաններուն մէջ տագնապ գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ «եթէ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ ներխուժում կատարէ, ապա անոր հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը պէտք է կրէ, այլապէս Լիբանան Իսրայէլի դէմ յարձակում պիտի չգործէ», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով` նախագահ Սլէյման մերժեց որեւէ տեսակի միջամտութիւն` աւելցնելով, որ այդ մէկը կարելի է կատարել միայն սուրիացիներուն հետ համախոհութիւն գոյացնելով:
«Չեմ կարծեր, որ Սուրիա այս հանգրուանին կը միտի Լիբանանի մէջ իրարանցում ստեղծել, որովհետեւ ան արդէն ունի իր ներքին հարցերը, որոնց լուծման համար ամէն ջանք ի գործ կը դնէ», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց սուրիական տագնապին հետեւանքները Լիբանան չփոխադրելու, ինչպէս նաեւ արգիլելու, որ Լիբանանը նկատի առնուի իբրեւ Սուրիոյ դէմ յարձակումներ գործելու կեդրոն», ըսաւ Սլէյման:
Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը եւ ապահովական ուժերը պէտք է արգիլեն նման շրջաններու կամ խարիսխներու գոյութիւնը` աւելցնելով, որ սուրիական բանակը իր կարգին ինքնազսպումի պէտք է դիմէ եւ Լիբանանի դէմ հրթիռարձակում չկատարէ, կամ ծառեր չկտրէ, բնակարաններ չականահարէ եւ խուսափի լիբանանեան սահմանները խախտելէ:
Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը երկխօսութեամբ կարելի ըլլայ` վերջ տալով վայրագութեան եւ բռնարարքներուն:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգի կառավարիչ Ալեքս Չեռնովը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները, յատկապէս Լիբանանի ենթակառոյցներուն վերակազմաւորման, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի մարզերուն մէջ:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Փարիզի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Քրիսթիան Շոլ: Քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ օրինական հարցերուն շուրջ գործակցութեան աշխուժացումը եւ երկու երկիրներուն միջեւ օրէնսգէտներու փոխանակում կատարելու անհրաժեշտութիւնը:


