Ճատրակ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Աղջկանց Մրցանակային Գումարը Կը Կազմէ 450 Հազար Ամերիկեան Տոլար
Յառաջիկայ 10 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր Խանթի Մանսիսք (Ռուսիա) պիտի հիւրընկալէ աշխարհի ճատրակի աղջկանց ախոյեանութիւնը:
Pan Armenian.Net լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մրցաշարքին յատկացուած մրցանակային գումարը կը կազմէ 450 հազար ամերիկեան տոլար:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 33 երկիրներու 64 աղջիկ ճատրակ խաղացողներ, կը յայտնէ հայկական աղբիւրը` իր լուրը քաղելով sport-express.ru կայքէջէն:
Տիտղոսին համար պիտի պայքարին նախորդ տարուան ախոյեանները, ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին լաւագոյն դասաւորումը գրաւողները, ինչպէս նաեւ տարբեր ցամաքամասերու ախոյեանութիւններու լաւագոյն դիրքերը գրաւողները:
CATEGORIES Մարզական

