Պասքեթպոլ. Հատիս Պիտի Ամբողջանայ Արտասահմանէն Հրաւիրուած Մարզիկներով
Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վահագն Յովհաննիսեան, «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Երեւանի Հատիս պասքեթպոլի աղջկանց խումբը բոլոր կարելիութիւնները ունի յաղթահարելու Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն արգելքը:
«Եթէ այս տարի Հատիս ձեւաւորուի այնպէս, ինչպէս որ մենք կը ծրագրենք, ապա վստահ եմ, որ յաղթանակները երկար սպասել չեն տար: Այժմ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան արտասահմանեան ակումբներուն (որոնց կարգին` Ռուսիա, Ուքրանիա եւ Պիելոռուսիա) մաս կազմող տասը մարզիկներու հետ, որոնց միայն եօթին հետ վերջնական պայմանագիր պիտի կնքուի, ըսաւ Յովհաննիսեան:
Հատիսի նախապատրաստական աշխատանքները եւ փորձերը պիտի սկսին ամիս մը ետք:
Նշենք, որ 2012-ի Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի զտումի մրցումներուն պիտի մասնակցին 32 խումբեր:
Անիկա Հայաստանի պասքեթպոլի պատմութեան մէջ ամէնէն շատ տիտղոսներու տիրացած խումբն է:

