Թուրքիան Կը Մնայ Թուրքիա
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Դժուար օրերուն ղեկավարութիւն կը ծնի: Դժուար օրերուն ժողովուրդը ինքզինք կը կերտէ:
Դժուար օրերուն հերոսներ կը ծնին:
Այսօր հալէպահայութիւնը այդ դժուար օրերը կ՛անցընէ եւ մեր ժողովուրդի համեստ դասակարգը կը մնայ հոն կապուած այդ թաղամասերուն եւ անզիջող կապուածութեամբ իր հաւատարմութիւնը կը յայտնէ Սուրիոյ հայրենիքին:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրերը յիշեցնող պատկերներու առջեւ կը գտնուինք: Մեծ թիւով գաղթողներ, սնանկացած հաստատութիւններ եւ մենք հայրենիքով եւ սփիւռքով ձեռք երկարած նեցուկ կը կանգնինք բոլորիս համար սիրելի եւ երազային Հալէպը կանգուն պահելու համար:
Արաբական գարունը միշտ ալ բարեբեր չեղաւ արաբական աշխարհի երկնակամարին տակ: Թունուզը, Լիպիան, Եմէնը, Եգիպտոսը լաւ իշխանափոխութեան օրինակներ չեն այդ երկիրներուն, փաստը այսօրուան իրավիճակն է:
Սուրիան վերոնշեալ երկիրներէն ոչ մէկուն կը նմանի ո՛չ իբրեւ ղեկավարութիւն եւ ո՛չ ալ իբրեւ համայնքային դրուածք: Սուրիան Ռուսիոյ եւ Չինաստանի նեցուկով տակաւին երկար ճամբայ ունի իր առջեւ եւ օրէ օր աւելի կը բացայայտուի Արեւմուտքի գործակատար Թուրքիոյ, եւ արաբական կարգ մը երկիրներու բացայայտ ախորժակները:
Օսմանեան կայսրութեան ախորժակները սրած, Թուրքիան բոլոր ժամանակներէն աւելի իր ոչխարի տարազը հանելու եւ գորշ գայլի իր իսկական դիմագիծը ստանալու վրայ է:
2005-էն ի վեր բազմիցս յայտարարած ենք Թուրքիոյ նոր իսլամական ախորժակները հրեաներու հետ անոր սիրաբանութիւնը կեղծ արաբական յեղափոխութիւններու ղեկավարները սիրաշահելու ճիգը: 2006-ի հարաւի պատերազմէն ետք երբ ՄԱԿ-ի զինուորներու մէջ Թուրքիան ալ ներառուեցաւ, նորէն յիշեցուցինք որ ուրիշ նպատակներ կը հետապնդուի, սակայն Լիբանանի օրուան կառավարութիւնը տեղի տուաւ այդ բոլորին:
Այսօր Թուրքիոյ կեցուածքը եւ իր սահմաններէն ծայրայեղ իսլամականներու արշաւը դէպի Սուրիա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ թրքական կոպիտ միջամտութեան Սուրիոյ հարցերուն: Թուրքիա յստակ կեցուածք եւ պատկերացումներ ունի Սուրիոյ գալիք ղեկավարութեան մասին: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը առանց ամչնալու յականէ անուանէ իր նախընտրութիւնը կ՛արտայայտէ:
Ո՞ւր մնաց ժողովրդավարութիւնը, ո՞ւր մնաց ազատամտութիւնը: Ո՞ւր է Եւրոպան, որ բազմիցս մատնանշած է Թուրքիոյ ռազմատենչ եւ նախայարձակ ըլլալուն: Ո՞ւր է Ամերիկան մարդասիրական եւ ժողովրդավարական իր սկզբունքներով: Ժողովուրդներու կամքը այս ձեւով չ՛անտեսուիր: Մենք մեր մորթին վրայ զգացած ենք այս բոլորը: Արաբական աշխարհի մէջ մարդկային իրաւունքներ ոտնակոխող, ժողովրդավարութիւն չկիրարկող երկիրներ իրաւունք չունին խօսելու այլ երկիրներու ժողովրդավարութեան մասին: Ամէն մարդ ինքզինքը լաւ թող դիտէ հայելիէն, վստահ որ տեղ մը կը զգաստանայ:
Յուսանք:

