Նոթեր Ու Նետեր. Զրոյց` Յոռետեսի Մը Հետ

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Կիրակի յետմիջօրէի մը արուարձանի մը ծառուղիին վրայ իրարու կը հանդիպին երկու բարեկամներ, որոնցմէ մին կը բացագանչէ.

– Օ՜, բարե՜ւ, բարե՛ւ: Որպիսութի՛ւնդ չեմ հարցներ, քանի որ բացորոշ կ՛երեւի քաջառողջութիւնդ: Գործիդ մասին ալ չեմ հարցներ, գիտեմ, որ լաւ կ՛ընթանայ: Է՜, ըսելիք չկայ, բախտաւոր մարդ ես:

Միւսը մռայլօրէն կը պատասխանէ.

– Եթէ բախտաւոր ըլլայի, աշխարհ չէի գար…

Ու կանգնած կը շարունակեն զրոյցը.

– Բայց ի՞նչպէս կրնայիր աշխարհ չգալ:

– Մօրս արկած մը կը պատահէր, ու աշխարհ չեկած` ես կը դառնայի…

– Ե՞տ… բայց դէպի ո՞ւր…

– Դէպի ոչնչութիւն… դէպի անծնունդ մահ…

– Բայց արդէն հոն կ՛երթանք ամէնքս ալ: Չե՞ս կարծեր, որ ամէնքս ալ բախտաւորուած ենք: Աստուծոյ ստեղծած հաւասարութեանը մեռնիմ… Մահուան բախտաւորութիւնը բաշխուած է բոլորիս անխտիր, սա տարբերութեամբ, որ ոմանք շուտ, ոմանք ուշ կը բախտաւորուին:

– Մեռնելը երկրորդ ու հասարակաց բախտն է: Ես խօսեցայ մեծագոյն պարգեւին, այսինքն չծնելու բախտին մասին:

– Աշխարհ եկողներէն ո՛չ ոք ունեցած է այդ բախտը:

– Կը սխալիս: Մէկ-երկու տարեկանին մեռնողները մեծ բախտաւորներ եղած են:

– Դուն ալ պզտիկ բախտաւոր մը եղիր: Այսինքն անձնասպան եղիր ու ազատուէ ապրելու անբախտութենէդ:

– Կարելի չէ. ունիմ կին, որուն խոստացած եմ տէր ըլլալ: Ունիմ աղջիկ, որուն կը պարտիմ տնօրէն ըլլալ: Իբրեւ պարտականութեանը գիտակցութիւնը ունեցող մարդ` կը ջանամ անոնց ծնած ըլլալու դժբախտութիւնը նուազեցնել:

– Ուրեմն աղջիկ զաւակ մը աշխարհ բերելով` մէկ հոգիի դժբախտութեան պատճառ եղած ես:

– Ճիշդ է. սակայն երկու հոգի ալ դեռ աշխարհ չեկած` ետ ճամբել տուած եմ:

– Այդ ոճիրներդ կնոջդ համաձայնութեա՞մբ գործած ես…

– Ըրածներուս ոճիր ըլլալը ես կ՛ընդունիմ, դուն ալ ընդունէ, որ ըրածներս բարերար ոճիրներ են: Երանի՞ թէ միլիոնաւորներ ինծի նման ոճրագործ դառնան: Ապագայ աղէտներու առաջքը առած կ՛ըլլան: Այդ ոճիրները գործելով` ես առաջքը առած եղայ ոչ միայն տառապանքներու, այլ` ապագայ ոճիրներու:

– Ուրեմն մէկ անգամ չարագործեցիր` աղջիկ մը աշխարհ բերելով, եւ երկու անգամ ալ բարեգործեցիր` զոյգ մը զաւակ ետ  ճամբելով, այսինքն` որդեսպան ըլլալով:

– Իմ հայրս հինգ անգամ մեղանչեց` հինգ զաւակ աշխարհ բերելով, իսկ ես մէկ անգամ մեղանչեցի:

– Տեսնենք` աղջիկդ քանի՞ անգամ պիտի մեղանչէ:

– Պէտք չէ մեղանչէ, եթէ հարազատ աղջիկս է:

– Պէտք չէ մեղանչէ, բայց պէտք է ոճիրներ գործէ: Թո՛ղ չամուսնանայիր: Աղջկանդ ալ պէտք չէ թոյլ տաս, որ ամուսնանայ:

– Ամուսնութենէս առաջ այսպէս չէի մտածեր: Ամուրի ըսածդ տհաս, հում մարդ մըն է, որ կ՛եփի ու կ՛եփէ, կը խաշի ու կը խաշէ, կ՛այրի ու կ՛այրէ ամուսնութեամբ: Փիլիսոփայութիւնը մէկ համալսարան ունի` ամուսնութիւնը:

– Ճեմարա՞ն մըն է:

– Եթէ կ՛ուզես. կրակներու մէջ գտնուող ճեմարան մը: Աւելի ճիշդը` ճեմարան չէ, այլ ճենճերարան է:

– Ուրեմն ամուրիները համալսարանական ուսանողներ չե՞ն…

– Անոնք յաւէտ աշակերտ են նախակրթարանի: Երանելի՜ յիմարները…

– Բախտաւո՞ր են…

– Բախտաւոր կրնա՞ն ըլլալ, քանի որ ծնած են…

– Այո՛, մոռցայ այդ պարագան… Ուրեմն ես համալսարանական մըն եմ: Շիտակը` չէի գիտեր համալսարանական մը ըլլալս: Արդեօք յառաջադէ՞մ եմ իբրեւ ուսանող…

– Կարծեմ քանի մը զաւակ ունիս…

– Չորս հատ, Աստուծոյ տուածէն…

– Ուրեմն համալսարանին մէջ յառաջդիմած ես: Ես միջակ ուսանող մըն եմ:

– Բայց ես հակառակ ճենճերարանի ուսանող ըլլալուս` ինքզինքս շա՜տ, շա՛տ բախտաւոր կը համարեմ:

– Ինծի ըսիր, ուրիշին մի՛ ըսեր. տխմարութիւնդ կը վաւերացնես:

– Բայց ես լաւատես մարդ եմ: Բախտաւոր կը համարեմ ինքզինքս, որ այս հրաշագեղ աշխարհը եկած եմ ու բարին Աստուծոյ ստեղծագործութիւններուն միւս մասը կը տեսնեմ հեռուէն: Կրկին ու կրկին այս աշխարհը եւ նոր մարդիկ ալ բերելու պատրաստ եմ: Անգամ մը եւս բախտաւոր եմ, որ հայ քրիստոնեայ ծնած եմ. ասիկա կ՛ըսեմ հոգիիս բովանդակ անկեղծութեամբ: Երրորդ անգամ բախտաւոր եմ, որ կինս ալ հայ քրիստոնեայ է ու ինծի պարգեւած է չորս զաւակ, ամէնքն ալ` առաքինի, առողջ ու գեղանի: Եւ ես քեզ կը նկատեմ ոչ թէ համալսարանական մը, այլ` հիւանդարանական մը, սրտանց մաղթելով արագ ու երրեակ բժշկութիւն, առողջութեամբ մտքի, մարմնի ու հոգւոյ:

Յոռետեսը վշտացած կը հեռանայ` քանի մը անգամ ետին դառնալով ու ծուռ-ծուռ նայելով…

Յանկարծ լաւատեսը կը վազէ, ու բրտօրէն իրեն կը քաշէ դիմացի մայթը անցնիլ ուզող յոռետեսը, որ քիչ մնացած էր արկածահար ըլլար սուրացող հանրակառքի մը կողմէ, որուն վարիչը կ՛արձակէ ցայտք մը հայհուչի:

Լաւատեսը կ՛ըսէ.

– Կը ներես, որ արգելք եղայ մահուամբ բախտաւորուելուդ…

Յոռետեսը, շնորհակալութեան փոխարէն, կը պատասխանէ.

– Մարդուն միակ կոչումը իր նմանին արգելք ըլլալն է:

– Ուրեմն դուն ալ արգելք եղած ես մէկուն կամ միւսին:

– Մարդ եթէ ոեւէ մէկուն արգելք չէ եղած, գոնէ ինքզինքին արգելք եղած է անպատճառ:

– Քեզի համար կ՛ըսեն, թէ գործարան մըն ես, արտադրող` արուեստական մուխ ու ծուխ, մշուշ ու մառախուղ եւ ամպակոյտեր: Բայց այս աստիճան գերարտադրութեան մէջ ըլլալդ չէի գիտեր: Եւրոպայի մէջ երկիրները միշտ ամպոտ ըլլալուն պատճառ եղողները յոռետեսներն են, որոնք պէտք է արգելափակուին առողջապահական նախարարութեան կողմէ:

– Որպէսզի անարգել շրջին վկայեալ ապուշները եւ շղթայուելիք շոշորթները:

– Որպէսզի անարգել շրջին վկայեալ ապուշները եւ շղթայուելիք շոշորթները:

– Ա՛լ հեռացիր ու զինադուլ յայտարարէ: Յոռետեսութեանդ հիւլէական ռումբերով մի՛ պղծեր բնութիւնը, մի՛ թունաւորեր հոգիները: Հեռացի՛ր ու մի՛ խաւարեր լոյսը ամպերուդ խուժանով: Հեռացի՛ր ու մտի՛ր հիւանդանոց: Կը խոստանամ ամիսէ մը գալ քեզի հիւանդտեսի: Եթէ բուժուած չըլլաս, յաջորդ այցելութեանս հետ կը բերեմ Գաբրիէլը, որպէսզի սրբէ անսրբագրելիդ: Յոռետե՞սը, արարած մը, որ թունաւորուած է ուղեղէն:

Յոռետես կը մեկնի մրմնջելով.

– Լաւատեսը ուղեղ չունի, որ թունաւորուի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES