50 Տարի Առաջ ( 15 Հոկտեմբեր 1962 )
Ֆութպոլ
ՀՄԸՄ Տիրացաւ Լիբանանի Բաժակին`
Յաղթելով Մազրաայի 4-2
ՀՄԸՄ երէկ տիրացաւ Լիբանանի բաժակին` 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մազրաան, մարզաւանի դաշտին վրայ, մարզասէրներու բաւական մեծ թիւով բազմութեան մը առջեւ:
Ընդհանուր առմամբ, երկու կողմերը ցոյց տուին հաճելի խաղարկութիւն մը, բայց ՀՄԸՄ, շնորհիւ իր խմբային ներդաշնակութեան, կրցաւ ի վերջոյ ընկճել հակառակորդը, որուն պակսեցաւ խմբային խաղարկութիւնը:
Մասնաւորաբար երկրորդ կիսախաղին ՀՄԸՄ զգալի դարձուց իր գերակայութիւնը` գետնէն կատարուած կարճ փոխանցումներով:
*
* *
Մրցումը սկսաւ ժամը 15:00-ին: Երկու խումբերը զիրար փորձեցին առաջին քանի մը վայրկեաններու ընթացքին: Առաջին կէտը նշանակելու բախտը վիճակուեցաւ ՀՄԸՄ-ի: Լեւոն 7-րդ վայրկեանին հարուածեց բերդը: Մազրաայի բերդապահը չկրցաւ ձեռքին մէջէն սահող գնդակը զսպել: Տասը վայրկեան ետք նոյն վիճակին ենթարկուեցաւ ՀՄԸՄ-ի բերդապահը, ու Շեհատէի գնդակը անցաւ անոր ձեռքերուն մէջէն:
Երկրորդ կիսախաղին Լեւոն ուժգին հարուած մը տուաւ Մազրաայի բերդին: Բերդապահը չկրցաւ զսպել ու ետ տուաւ: Մասրի շատ վարպետօրէն նշանակեց երկրորդ կէտը:
Մազրաա հաւասարեցաւ, ՀՄԸՄ-ի յետսապահին ակնբախ մէկ սխալով:
Բազմութիւնը հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր այս հաւասարակշռուած խաղին: ՀՄԸՄ անպայման յաղթանակը ապահովելու վճռականութեամբ, սկսաւ օղակի տակ առնել Մազրաայի բերդը: Մասրի 20 մեթրէն քաշուած հարուածով մը նշանակեց 3-րդ կէտը: Իսկ Բրինձեան իւրայատուկ «էֆֆէյ»-ով մը սքորը ծանրացուց` հասցնելով 4-2-ի:
Հայ Կեանք
Ցիր Ու Ցան Հայեր
Թոքատի Մէջ Կան
50-60 Հայ Ընտանիքներ
Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին մէջ (10 հոկտեմբեր) կը կարդանք.
Կեսարիոյ հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհն. Կարապետեան, պատրիարք հօր յանձնարարութեամբ հովուական այցելութեամբ Ամասիա, Սիմ Հաճիքէօյ, Թոքատ եւ Սեբաստիա մեկնած եւ զանազան մկրտութիւններ, պսակներ կատարած եւ սուրբ հաղորդութիւն մատակարարած է: Կեսարիա վերադարձած եւ Խաչվերացի առաւօտուն պատարագած եւ երեկոյին ալ ռեհանի օրհնութեան արարողութիւն կատարած է հանդիսաւորապէս: Տէր հայրը իր այցելած բոլոր տեղերուն մէջ ունեցած գործունէութեան եւ ժողովուրդին կացութեան եւ զբաղումներուն մասին տեղեկագիրներ ղրկած է պատրիարքարան:
Թոքատի մէջ ներկայիս կան 50-60 հայ ընտանիքներ, որոնք ըստ բաւականին ինքնաբաւ են, արհեստաւոր եւ խանութպան: Քաղաքը հետզհետէ յառաջդիմելու վրայ է: Հոն ծանօթացած է Ս. Խաչ դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Նշան Քեշինիճեանին որ Մանիսա մեկնեցաւ իբրեւ ուսուցիչ սպայ իր զինուորական պարտականութիւնը կատարելու համար:
Կրթական Հիմնարկութեան
Շքեղ Ճաշկերոյթը`
Ի Պատիւ Խ. Պապիկեանի
«Հայրենիք»-ի թղթակիցը 11 հոկտեմբեր թուականով կը գրէ Լոս Անճելըսէն.-
Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հրապարակային շքեղ ճաշկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Խաչիկ Պապիկեանի, կիրակի, հոկտեմբեր 7, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահը, Լոս Անճելըս:
Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը, շատեր ոտքի վրայ մնացին:
Ատենապետեց հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան: Խօսք առին` Յովսէփ Փիրումեան` նախագահը հիմնարկութեան, Ալեք Փիլիպոս եւ Սմբատ վրդ. Լափաճեան: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Անգինէ Մուրատեան եւ Ս. Պոյաճեան (երգ), Թորոս Բարսեղեան (արտասանութիւն) եւ Նիք Նուրիբէկեան (դաշնակ):
Բիւզանդ Կռանեան ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրը, որ հանդիսականներու բուռն ծափերուն տակ խօսք առաւ, նախ` շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ կրթ. հիմնարկութեան, որ կազմակերպած էր ճաշկերոյթը, գնահահեց հիմնարկութեան կատարած դերը, յայտարարեց, որ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը անսահման ապագայ մը ունի իր առաջ եւ հետզհետէ պիտի մեծնայ ու զօրանայ: Ապա պանծացուց Լիբանանը, անոր եղբայրական կառավարութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետը եւ մեր ժողովուրդը:

