Ընդունուած Կարծիքներէ Անդին. Միւս Կողմէ…

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՍՈՆՔՈՒԹԻՒՆԸ ԺԽՏԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԳՈՐԾԷ ՈՒՂԵՂԻՆ ՎՐԱՅ ԵՒ Կ՛ԱՐԱԳԱՑՆԷ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ…

Բնական ծանրութենէ աւելի կշռելը վնասակար է ոչ միայն մէջքին հաստութեան, այլ նաեւ` ուղեղին, կ՛ըսեն գիտնականներ, որոնք սոնքութիւնը կ՛առնչեն մտային կարողութեան կորուստի հետ:

Մասնագէտներ չեն գիտեր, թէ ճիշդ ի՛նչ է պատճառը, սակայն անոնց համաձայն, փոխարկումի (մեթապոլիք) մէջ փոփոխութիւններ, ինչպէս` արեան մէջ շաքարի բարձր համեմատութիւն եւ քոլեսթերոլի բարձր քանակ, հաւանաբար իրենց դերը ունին:

Սոնքութիւնը արդէն կը նկատուի վտանգաւոր դերակատար` մտային կարողութեան կորուստի մէջ:

Վերջերս «Նիւրոլոճի» թերթին մէջ լոյս տեսած է տեղեկագիրը ուսումնասիրութեան մը, որ կատարուած է 6000 բրիտանացիներու վրայ, ամբողջ տասնամեակի մը ընթացքին:

Մասնակցողները, որոնց տարիքը կը տարուբերէր 35-55-ի միջեւ, 10 տարուան ընթացքին երեք անգամ ենթարկուած են իրենց յիշողութիւնը եւ իմացական կարողութիւնը չափող քննութիւններու:

Միաժամանակ սոնքութենէ տառապող եւ փոխարկումի վատառողջ փոփոխութիւններ կրող անձերու իմացական կարողութեան նիշերը շատ արագ անկում արձանագրած են` բաղդատած ուսումնասիրութեան ենթարկուած այլ անձերու նիշերուն:

Մասնագէտները կը շեշտեն, թէ իրենք քննած են մասնակցողներուն միայն իմացական կարողութեան փոփոխութիւնները եւ ոչ` մտային կարողութեան կորուստը:

Սահմանները աղօտ են տարիքի բերմամբ մտային դանդաղութեան, իմացական կարողութեան թեթեւ տկարութեան եւ մտային կարողութեան կորուստի միջեւ: Պայման չէ, որ բոլոր վատթարացումները առաջնորդեն մտային կարողութեան կորուստի:

Ուսումնասիրութեան մասնակցողները բոլորն ալ քաղաքային սպասարկութեան մէջ աշխատող պաշտօնեաներ էին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կարելի չէ եզրակացութիւնները ընդհանրացնել եւ կիրարկել նաեւ այլ հաւաքականութիւններու մէջ:

«Յաւելեալ ուսումնասիրութեան կարիքը կայ` քննելու համար ծինական ժառանգութեան ազդակներու ներգործութիւնը: Նաեւ պէտք է նկատի ունենալ, թէ մարդիկ որքա՛ն ժամանակէ ի վեր կը տառապին սոնքութենէ եւ որքա՛ն ժամանակ դիմագրաւած են փոխարկումի փոփոխութեան պատճառով ստեղծուած վտանգները: Նաեւ պէտք է բաղդատել չափահաս տարիքի անձերու իմացական կարողութիւնը չափող քննութիւններուն արդիւնքները` աւելի լաւ հասկնալու համար կապը սոնքութեան եւ մտածելու, տրամաբանելու ու յիշելու կարողութեան միջեւ», կը գրեն մասնագէտները:

Բրիտանիոյ Ալզայմըր ռիսըրչ կեդրոնէն Շըրլի Քրէյմըր կ՛ըսէ. «Ցարդ չենք գիտեր, թէ ինչո՛ւ սոնքութիւնը եւ մարմնին մէջ փոխարկումի անբնական վիճակը կ՛առնչուին ուղեղի տկար գործունէութեան հետ: Սակայն սոնքութեան համեմատութիւնները հետզհետէ կը բարձրանան աշխարհի տարածքին, հետեւաբար պիտի ստեղծուի անհրաժեշտութիւնը աւելի խորանալու այս կապին ուսումնասիրութեան մէջ»:

«Մինչ տասը տարուան վրայ երկարած այս ուսումնասիրութիւնը կեդրոնացած է իմացական կարողութեան նահանջը չափելու վրայ, անդին` նախապէս կատարուած այլ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ առողջ սննդականոնը, կանոնաւոր մարզանքը, չծխելը, եւ միջին տարիքին արեան գերճնշումն ու քոլեսթերոլի մակարդակը հաւասարակշռուած պահելը կրնան կանխարգիլել մտային կարողութեան կորուստը: Իրօք, երբ մտային կարողութեան կորուստի համեմատութիւնները կը բարձրանան արագ թափով եւ անկէ տառապող անձերուն թիւը կը մօտենայ 1 միլիոնի, ապա ուսումնասիրութեան արդիւնքները մտածել կու տան, թէ մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին պէտք է գիտակցինք մեր ընդհանուր առողջութիւնը լաւ պահելու անհրաժեշտութեան»:

Share this Article
CATEGORIES