Ընդունուած Կարծիքներէ Անդին. Սոնք Մանուկներուն Թիւը Կ՛աւելնայ Լիբանանի Մէջ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ԵՐԵՒՈՅԹԸ. «ՆԱՀԱՐՆԵԹ» ԿԸ ԳՐԷ.

Վերջին 15 տարիներուն գրեթէ կրկնապատկուած է սոնքութենէ տառապող մանուկներուն եւ չափահասներուն թիւը, որուն պատճառով կրնան աւելնալ մնայուն հիւանդութիւնները` յաջորդ սերունդին մէջ, ինչպէս կը զգուշացնեն Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն ուսումնասիրողներ:

Սննդազրկութեան եւ սոնքութեան վերաբերող շուրջ երեք տարուան վրայ երկարած ուսումնասիրութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ 2009-ի տուեալներուն համաձայն, 10 տարեկանէն վար 6 մանուկէն մէկը սոնք է: Համեմատութիւնը 10-էն մէկ էր 1997-ին: Միւս կողմէ` 20 տարեկանէն վեր 4 չափահասէն մէկը եւ 10-20 տարեկան պատանի-երիտասարդներէն մէկը սոնք է: Համեմատութիւնը 18-էն մէկ էր 1997-ին:

Աւելի՛ն. ուսումնասիրութիւնը ի յայտ բերած է, թէ սոնք մանուկներուն 30 առ հարիւրը եւ սոնք չափահասներուն 20 առ հարիւրը ցոյց տուած են մնայուն հիւանդութիւններու նախանշաններ:

«Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ մանուկի մը կեանքին առաջին երկու տարիներու սննդականոնէն կախեալ է անոր հետագայի մնայուն հիւանդութիւններուն պատկերը», կ՛ըսէ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող պատասխանատուն` Նահլա Հուալա:

Ան կ՛աւելցնէ, որ թէեւ ուսումնասիրողները սննդազրկութեան նշաններ չեն նկատած լիբանանցի մանուկներուն քով, սակայն նախանշաններ կան, թէ անոնց սպառած ուտելիքին որակը չի համապատասխաներ առողջապահական չափանիշներու:

Յաջորդ հանգրուանին ուսումնասիրութիւնը պիտի կեդրոնանայ աշխարհագրական տարածքներու վրայ, գիտնալու համար, թէ Լիբանանի ո՛ր շրջանները ամէնէն աւելի ենթակայ են սոնքութեան կամ սննդազրկութեան:

«Պէտք է աշխատինք հանրութեան գիտակցութիւնը արթնցնել սննդառութեան առնչութեամբ, մանաւանդ որովհետեւ ճաշը եւ ճաշելը մեծ տեղ կը գրաւեն մեր մշակոյթին մէջ»,  ըսած է առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած համագումարի մը առիթով:

Share this Article
CATEGORIES