Ընդունուած Կարծիքներէ Անդին. «Սոնքութեան Հակասութիւնը». Նիհարութիւն` Կը Նշանակէ Հիւանդութիւն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԳԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՉԷ ԱՅՍ, ԱՅԼ ՊԱՀԱՆՋ ՄԸՆ Է ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵԼՈՒ ՄԵՐ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՄԷՋ ԱՐՄԱՏԱՑԱԾ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ՍԽԱԼ ԵՆ: ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ՍՈՆՔՈՒԹԵՆԷ ԿԱՄ ՆԻՀԱՐՈՒԹԵՆԷ ԱՒԵԼԻ` ՄԱՐՄՆԻՆ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԼԱՒ ՎԻՃԱԿԸ ԻՐ ՎՃՌՈՐՈՇ ԴԵՐԸ ՈՒՆԻ ՄԵՐ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ: «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՄԷԿՏԵՂԷ ԵՒ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՅԵՂԱՇՐՋՈՂ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:
Քանի մը տարի առաջ Նորթուեսթըռն համալսարանին բժշկագիտական Ֆայնպըրկ հիմնարկին մէջ ուսումնասիրութիւններ գլխաւորող մասնագէտ Մերսետես Քառնըթըն դէմ յանդիման գտնուեցաւ անլուծելի առեղծուածի մը. սոնքութիւնը գլխաւոր ազդակն է թիւ երկու տեսակի շաքարախտի. այսուհանդերձ, նկատառելի է թիւը բնական ծանրութեամբ այն անձերուն, որոնք նոյնպէս կը տառապին այս հիւանդութենէն: Ինչո՞ւ:
Այս հարցումին պատասխան մը գտնելու միտումով` Քառնըթըն կատարած է ուսումնասիրութիւն մը եւ ի յայտ բերած է շատ աւելի մեծ առեղծուած մը. շաքարախտէ տառապող բնական ծանրութեամբ անձեր երկու անգամ աւելի հաւանական է, որ մեռնին այս հիւանդութեան պատճառով, բաղդատած անոնց, որոնք բնական ծանրութենէ աւելի կը կշռեն կամ սոնք են: Այս յայտնաբերումով շաքարախտը կը դառնայ բժշկագիտական նորագոյն առեղծուածը, որ շփոթի կը մատնէ գիտնականները: Մասնագէտներ զայն կը կոչեն «սոնքութեան հակասութիւնը»:
Իրերայաջորդ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ բնական ծանրութենէ աւելի կշռող, նաեւ մնայուն որոշ հիւանդութիւններէ տառապող սոնքեր յաճախ աւելի երկար կ՛ապրին եւ աւելի լաւ կը տոկան իրենց հիւանդութեան, քան` նոյն հիւանդութիւններէն տառապող բնական ծանրութեամբ անձերը: Ապացոյցները հետզհետէ կը բազմանան, ինչ որ կարգ մը մասնագէտներ կը մղէ վերատեսութեան ենթարկելու երկար ժամանակէ ի վեր ընդունուած կարծիքները մարմնին մէջ ճարպի քանակին եւ տարբեր հիւանդութիւններու միջեւ կապին վերաբերեալ:
Նիւ Օրլիընզի Սրտանօթային Ճոն Օքսնըր հիմնարկին կանխարգիլումի եւ վերակազդուրման բաժանմունքի տնօրէն Քարլ Լաւի առաջին ուսումնասիրողներէն է, որ 2002-ին արձանագրած է «սոնքութեան հակասութիւնը»` սիրտի հիւանդութենէ տառապող հիւանդներու քով: Ան աւելի քան տարի մը շարունակ փնտռած է բժշկագիտական թերթ մը, որ յօժարէր հրատարակել իր ուսումնասիրութեան արդիւնքները:
«Մարդիկ կը կարծէին, թէ արդիւնքները սխալ էին,- կը յիշէ ան:- Կ՛ըսէին` «եթէ սոնքութիւնը վնաս կը պատճառէ սիրտին, ապա ինչպէ՞ս այս արդիւնքները կրնան ճիշդ ըլլալ»:
Սակայն նմանօրինակ նշաններ ի յայտ կու գային ամէն տեղ: Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տար, թէ արեան քիմիական մաքրազտումի (տայալըսիս) ենթարկուող գէր հիւանդներ մահացութեան նուազ վտանգ կը դիմագրաւէին, քան` անոնք, որոնց մարմնին ծանրութիւնը բնական էր կամ` բնականէն նուազ: Այլ ուսումնասիրութեան մը մէջ սրտանօթային հիւանդութիւններէ տառապող գէր անձեր աւելի լաւ կը տոկային, քան` անոնք, որոնք աւելի նիհար էին: Մեղմ սոնքութենէն մինչեւ ծանր սոնքութիւնը յաւելեալ վտանգ չէր սպառնար հիւանդներուն կեանքին:
Աւելի քան 10 տարի տեւած ուսումնասիրութիւն մը, որ կատարուած էր 11 հազար քանատացիներու վրայ, եւ որուն արդիւնքները հրապարակուած էին 2007-ին, ի վերջոյ եզրակացուցած էր, թէ գէրերը որեւէ հիւանդութեան պատճառով մեռնելու նուազ հաւանականութիւն ունէին:
Այնուհետեւ գիտնականներ նմանօրինակ արդիւնքներ ցանկագրած են սիրտի հիւանդութիւններէ, կաթուածներէ, երիկամներու հիւանդութիւններէ, արեան բարձր գերճնշումէ եւ այժմ` շաքարախտէ տառապող հիւանդներու քով:
Մասնագէտներ բացատրութիւն մը կը փնտռեն այս բոլորին: Տեսութիւն մը կ՛ըսէ, որ երբ մնայուն հիւանդութիւն մը կը զարգանայ, մարմինը կը սկսի պահանջել սովորականէն աւելի ջերմուժ եւ ջերմուժի պահեստներ: Երբ հիւանդներ զուրկ են այս պահեստներէն, անոնք կը տառապին սննդազրկութենէ, նոյնիսկ երբ անոնց ծանրութիւնը բնական է, ինչպէս կ՛ըսէ Քալիֆորնիոյ համալսարանին Կանխարգիլող սրտաբանութեան ծրագիրը գլխաւորող մասնագէտներէն` Կրեկ Ֆանըրօ:
Կարգ մը ուսումնասիրողներու համաձայն, պատճառը ծինական ժառանգականութիւնն է: Թերեւս շաքարախտէ, սրտանօթային եւ մնայուն այլ հիւանդութիւններէ տառապող նիհար հիւանդներուն ծինային կառոյցը զիրենք աւելի հակամէտ կը դարձնէ նման հիւանդութիւններու եւ աւելի կը վտանգէ անոնց կեանքը, երբ անոնք կը տառապին այս հիւանդութիւններէն: Նիհար անձերու քով սիրտի հիւանդութիւնը կրնայ տարբեր ձեւով յայտնուիլ` բաղդատած գէր անձերուն, կ՛ըսէ Լաւի:
Թերեւս բժիշկներ նոյնքան ծանր դարմանումի չեն ենթարկեր նիհար հիւանդները, որքան` գէրերը, կամ թերեւս պատճառը նոյնինքն անձի մը մէջքին չափն է: Ուսումնասիրողները մեծ մասամբ սոնքութիւնը կը չափեն հասակի եւ ծանրութեան համեմատութեամբ (պատի մես ինտեքս): Սակայն, Պի. Էմ. Այ.ը, ինչպէս ծանօթ է չափելու այս ձեւը, հաշուի չ՛առներ մարմնին ճարպը, մկաններուն ծանրութիւնը, փոխարկութիւնը (մեթապոլիզմ) կամ ֆիզիքական կառուցուածքի այլ մանրամասնութիւններ:
Կարգ մը մասնագէտներ կը մտածեն, որ թերեւս ճիշդ ձեւով չենք մօտենար հարցին: Թերեւս այնքա՛ն առողջական հարցերը կը քննենք սոնքութեան պարունակին մէջ, որ կ՛անտեսենք հիւանդութիւն պատճառող այլ ազդակներ:
Պոսթընի բժշկագիտութեան հիմնարկէն գեղձերու մասնագէտ Նիլ Ռուտըրման առաջինն էր, որ 1981-ին բնորոշած էր վիճակ մը, զոր սահմանած էր իբրեւ «փոխարկութեան պատճառով սոնք անձի բնական ծանրութիւն»: Նման անձերու հասակի եւ ծանրութեան համեմատութիւնը բնական սահմաններու մէջ կը գտնուի, սակայն անոնք կը տառապին փոխարկութեան անբնական գործունէութիւններէ, ինչպէս` թրիկլիսերիտի բարձր մակարդակ եւ ինսիւլինի դէմ պայքար: Անոնք հակամէտ են ճարպ կրելու իրենց մէջքին շուրջ, ինչ որ շատ աւելի վնասակար հետեւանքներ կ՛ունենայ սիրտին, լեարդին եւ այլ գործարաններու վրայ, քան` կոնքերուն եւ զիստերուն ճարպը:
«Երբ բաց միտքով կը դիմաւորենք այս տուեալները, յաճախ կը հանդիպինք հակասական ազդակներու, որոնք կրնան բացատրութիւն մը տալ, թէ ինչո՛ւ հիւանդութիւն մը կ՛առնչենք սոնքութեան հետ», կ՛ըսէ Սան Ֆրանսիսքոյի Սիթի քոլեճին մէջ սննդագիտութեան դասախօս Լինտա Պէյքըն, որ հեղինակն է «Հելթ էթ էվրի սայզ. տը սըրփրայզինկ թրութ ըպաութ եուր ուէյթ» (առողջութիւն` որեւէ չափի. անակնկալ ճշմարտութիւնը` ձեր ծանրութեան վերաբերեալ) գիրքին:
Ֆիզիքական լաւ վիճակը (ֆիթնես) անչափելի եւ յատկանշական երկդիմութիւն մը կը պարզէ: Հակասական ապացոյցներու հետզհետէ կուտակուող դէզը մասնագէտներուն կը պարտադրէ վերարժեւորել անոր կարեւորութիւնը:
Սոնքութեան եւ առողջութեան միջեւ կապը մասամբ արդիւնք է որոշ ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս` Ֆրամինկհամ սիրտի ուսումնասիրութեան, որ 1940-ական տարիներէն ի վեր կը հետեւի հազարաւոր տղամարդոց եւ կիներու առողջական վիճակին: Սակայն Ուինսթըն – Սելըմ նահանգային համալսարանին մէջ առողջապահական դաստիարակութեան դասախօս Փոլ ՄքՕլէյ կը նշէ, թէ Ֆրամինկհամ եւ երկար ժամանակի վրայ կատարուող այլ ուսումնասիրութիւններ չեն յաջողած հաշուի առնել ֆիզիքական շարժումի եւ ֆիզիքական լաւ վիճակի գործօնները:
Ուսումնասիրութիւն մը, որ իրարմէ կ՛անջատէ եւ կը տարբերէ ծանրութիւնն ու ֆիզիքական լաւ վիճակը, ցոյց կու տայ, թէ աւելի լաւ է գէր ըլլալ եւ ֆիզիքական լաւ վիճակ ունենալ, քան թէ` ըլլալ նիհար եւ ունենալ ֆիզիքական վատ վիճակ: Թերեւս կանոնաւոր մարզանքը չ՛առաջնորդեր ծանրութիւնը թօթափելու, սակայն անիկա կը նուազեցնէ ճարպի քանակը լեարդին մէջ, ուր անիկա ամէնէն աւելի փոխարկումի վնասներ կը գործէ, ինչպէս կ՛ըսէ վերջերս Սիտնիի համալսարանին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը:
«Յաճախ սրտանօթային լաւ վիճակը շատ աւելի կարեւոր գործօն մըն է մահացութեան վտանգը նախատեսելու մէջ, քան` մարմնին ծանրութիւնը», կ՛ըսէ Արիզոնայի նահանգային համալսարանին Առողջ կենսաձեւերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Կլէն Կայսըր, որ նաեւ հեղինակն է «Պիկ ֆեթ լայզ» (մեծ, պարարտ սուտեր) գիրքին:
Ախտաբան Քաթըրին Ֆլիկըլ 2005-ին վերլուծած է Միացեալ Նահանգներու Առողջապահութեան եւ սննդառութեան ազգային քննութեան տուեալները եւ ի յայտ բերած է, թէ մահացութեան աւելի մեծ վտանգները կ՛առնչուին չափազանց սոնքութեան եւ չափազանց նիհարութեան հետ: Նուազագոյն մահացութեան վտանգը կը դիմագրաւեն անոնք, որոնց մարմնին ծանրութեան եւ հասակին համեմատութիւնը 25-30-ի միջեւ է` իբրեւ գէր անձ, իսկ չափաւոր գէրերը, որոնց ծանրութեան եւ հասակին համեմատութիւնը 30-35-ի միջեւ է, աւելի մեծ վտանգ չեն դիմագրաւեր, քան` անոնք, որոնց մարմնին ծանրութիւնը բնական է:
Ինչպիսի բացատրութիւն ալ տրուի սոնքութեան հակասութեան վերաբերեալ, մասնագէտներ համաձայն են, թէ ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները անորոշ լոյս մը կը սփռեն մարմնին մէջ գտնուող ճարպին դերին վրայ: «Ֆիզիքական լաւ վիճակ պահելը օգտակար է, նաեւ` թեթեւ կշռելը,- կ՛ըսէ Լաւի:- Սակայն, եթէ պիտի ընտրենք մէկը կամ միւսը, ապա աւելի կարեւոր է պահել ֆիզիքական լաւ վիճակ մը, քան` բարեձեւ մարմին մը: Կը թուի, թէ ֆիզիքական լաւ վիճակը աւելի մեծ պաշտպանութիւն կը խոստանայ»:
Թերեւս երկար ժամանակ պիտի տեւէ, մինչեւ որ այս պատգամը հասնի մեր ընտանեկան բժիշկին: «Յարացոյցներու (փարատայմ) շրջումը ժամանակի կը կարօտի,- կ՛ըսէ Պէյքըն:- Ասիկա նաեւ քաջութիւն կ՛ենթադրէ: Քիչեր պիտի համարձակէին մարտահրաւէր ուղղել մարմնի ծանրութեան վերաբերող աւանդական համոզումներուն: Անոնք շատ խոր արմատացած են մեր մշակոյթին մէջ, իսկ աւանդական համոզումներու դէմ գործելու վտանգը շատ մեծ է»:

