Երկու Քոնկրեսականներ Կը Պայքարին Ամերիկահայերու Քուէներուն Համար
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ 29 սեպտեմբերին դեմոկրատ երկու քոնկրեսականներ Հաուըրտ Պըրմընի եւ Պրետ Շըրմընի միջեւ տեղի ունեցաւ բանավէճ մը Էնսինօ քաղաքի «Ֆերահեան» դպրոցի «Աւետիսեան» սրահին մէջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք հայկական հարցերու շուրջ կայացած բանավէճին երկրորդ մասը:
Քոնկրեսական Շըրմըն. «Մենք Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչնանք ոչ միայն Հայաստանի համար, ոչ միայն Ամերիկայի համար, այլ նաեւ` թրքական պետութեան համար, որ երբեք ժամանակակից պետութիւն չի դառնար, մինչեւ որ դէմ յանդիման չկանգնի իր պատմութեան հետ»: Դատապարտելով Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը դժկամօրէն կիրարկելուն համար, քոնկրեսական Շըրմըն ըսաւ. «Ասիկա ի՞նչ գերտիրութիւն է, որ կը դողդղայ պատմութենէն: Ասիկա ի՞նչ գերտէրութիւն է, որ կ՛անհանգստանայ Թուրքիոյ սպառնալիքներէն: Ամբողջ աշխարհի մէջ տասնեակ խորհրդարաններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ճիշդ ժամանակն է, որ Քոնկրեսը նոյնքան քաջութիւն ցուցաբերէ»:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ երկու քոնկրեսականները ի՞նչ կ՛ընեն Իսրայէլի նման Ամերիկայի դաշնակիցները քաջալերելու, որ անոնք ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը` քոնկրեսական Պըրմըն յայտարարեց. «Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչցած պետութեան մը համար յանդգնութիւն է այլ պետութիւններու թելադրել, թէ անոնք ինչ պէտք է ընեն: Ուստի, նախ պէտք է այս [ցեղասպանութեան] բանաձեւը անցընել, մղել ու համոզել գործադիր իշխանութիւնը` նեցուկ կանգնելու Քոնկրեսին կողմէ ընդունուած այդ բանաձեւին, ապա դուք կրնաք զայն վերածել միջազգային համաձայնութեան: Սակայն, մենք լրջօրէն չենք կրնար այլ կառավարութեան մը ըսել, թէ անոնք պէտք է ընեն որեւէ բան, զոր մենք դեռ չենք ըրած…»:
Քոնկրեսական Շըրմըն. «Ես կը հպարտանամ, որ Երուսաղէմի Ողջակիզումի «Եատ Վաշեմ» թանգարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կը հպարտանամ, որ Ուաշինկթընի Ողջակիզումի թանգարանը եւս նոյնը ըրած է: Մենք պէտք է ճանչնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մակարդակով, սակայն ես կը համարձակիմ իսրայէլացի ընկերներուն կոչ ուղղելու, որ աւելի արագ ճանչնան զայն, նոյնիսկ մինչեւ մենք այդ մէկը ընենք: Կայ նաեւ այն, որ Իսրայէլի քաղաքականութիւնը քիչ մը տարբեր է: Այստեղ դեռ պատրանքներ կը տածեն, որ Թուրքիա ամերիկեան կարեւոր դաշնակից է: Իսրայէլի մէջ այդ պատրանքները քիչ թէ շատ վերջերս փշրուեցան, այդ իսկ պատճառով օր մը կը յայտնաբերենք, որ Իսրայէլը կրնայ կանխել Միացեալ Նահանգները` 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցով: Եւ, նկատի առնելով Իսրայէլի պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ հրեայ ժողովուրդին պատմութիւնը, կարծեմ այդ մէկը ընելը շատ կարեւոր բան է: Ուստի, ես, օրինակ, չեմ կարծեր, որ մենք պէտք է Իսրայէլին սպասենք` կոչ ուղղելու համար, որ մեզմէ առաջ անցնի այս իմաստով, այլ պէտք է մենք մեզ ոգեւորենք` կարելի եղածին չափ արագ առաջ շարժելու համար»:
Բանավէճը վարող Յարութ Սասունեան ըսաւ. «Առ ի գիտութիւն կ՛ուզէի որոշ պարզաբանումներ կատարել ձեր երկուքի տուած պատասխաններուն առնչութեամբ: Նախքան Իսրայէլին խուսանաւելու հնարաւորութիւն ընձեռելը, որ սպասէ այս հարցի վերաբերեալ մեր որոշում կայացնելուն, կարծեմ լաւ կ՛ըլլայ յիշել, որ երկու անգամ` 1975 եւ 1984 թուականներուն, Ներկայացուցիչներու պալատը իր լիագումար նիստերուն ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւեր ընդունած է: Ուստի, Իսրայէլը ստիպուած չէ սպասելու, որ Ամերիկան այդ մէկը իրմէ առաջ կատարէ: Մենք երկու անգամ արդէն ճանչցած ենք ցեղասպանութիւնը, այնպէս որ անոնք կրնան այդ մէկը առնուազն մէկ անգամ ընել»:
Քոնկրեսական Պըրմըն. «Պատմական նկատառումներէն մեկնելով` Իսրայէլը պէտք է ճանչնայ, յատկապէս Իսրայէլը պէտք է այդ մէկը ընէ»:
Քոնկրեսական Շըրմըն. «Իսրայէլը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, «որովհետեւ այդ մէկը բարոյական է ու ճիշդ, նաեւ, քանի որ առկայ է պատմական փաստը»:
Այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգները պէ՞տք է դադրեցնեն բռնագրաւուած հայկական տարածքներու վրայ տեղակայուած Թուրքիոյ Ինճիրլիքի ռազմաօդային կայանի վարձակալութեան համար վճարել թրքական կառավարութեան եւ այդ գումարները վճարել եւ հայ սեփականատէրերու ժառանգներուն` քոնկրեսական Շըրմըն յայտարարեց. «Ես անհամբեր կը սպասեմ այնպիսի արտաքին քաղաքականութեան մշակման, երբ մենք աւելի քիչ կախեալ կ՛ըլլանք Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած կայաններէն, որովհետեւ կը տեսնեմ, որ անոնք կը փորձեն քարոզչութիւն ծաւալել Փենթակոնի եւ Քոնկրեսի մէջ` Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու նպատակով, հիմնուելով այն տեսութեան վրայ, որ` «Օ՜, դուք մեր կայաններու կարիքը ունիք»: Մենք կրնանք եւ պէտք է աշխատինք հարաւարեւելեան Ասիոյ ՕԹԱՆ-ի մեր այլ դաշնակիցներուն հետ` ունենալու համար այնպիսի կայանի կառուցուածք, որ չի պահանջեր վարձակալութեան գումարներ վճարել թրքական պետութեան… Սակայն, քանի տակաւին մեր խարիսխը այդ հողերուն վրայ է, ան կը դառնայ հիանալի փաստարկ մը` հայկական պետութեան լրացուցիչ օգնութիւն ցուցաբերելու համար, որովհետեւ մենք այդ տարածքներուն վրայ ենք»:
Քոնկրեսական Պըրմըն. «… Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ Քոնկրեսին մէջ հնչած յայտարարութիւններէն մէկը հետեւեալն է. «Օ՜հ, թուրքերը մեզ դուրս կը քշեն Ինճիրլիքէն»: Թուրքերը մեզ Ինճիրլիքէն վռնտելու մտադրութիւն չունին: Անոնք կ՛ուզեն, որ մենք այնտեղ ըլլանք, անոնք բուռն փափաք ունին, որ մենք այնտեղ ըլլանք: Ասիկա ծխածածկոյթ մըն է: Ասիկա առարկութիւն մըն է, որով թրքական դիրքորոշման սատարող մարդիկ կը վախցնեն Քոնկրեսը` մտածել տալով, որ մեծ վտանգներ կրնան ըլլալ մեր ազգային անվտանգութեան համար»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը
(Շարունակելի)

