Լեհաստան Եւ Սլովաքիա Կ՛ուզեն Իրենց Թեկնածութիւնը Առաջադրել` 2022-ի Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերուն

«Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լեհաստան եւ Սլովաքիա կ՛ուզեն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել` հիւրընկալելու համար 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը: Անոնք կը պատրաստուին միացեալ թղթածրար մը պատրաստելու եւ զայն ներկայացնելու Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին:

2015-ին Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի մէջ տեղի պիտի ունենայ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին հերթական համագումարը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարուի, թէ ո՛ր երկիրը պիտի ըլլայ 2022-ի հիւրընկալ երկիրը:

Նշենք, որ ցարդ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են շուրջ տասը թեկնածուներ, որոնց կարգին` Միւնիխ, Պարսելոնա եւ ուրիշ շատեր:

Թեկնածութեան առաջադրման պայմանաժամն է 2013-ը:

 

Share this Article
CATEGORIES