Մարզական Լրագրողներ Այցելեցին Խմբագիրներու Սենտիքայի Նախագահին

Ընդառաջելով Լիբանանի խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի տուած հրաւէրին` մարզական լրագրողներ այցելեցին Հազմիէի մէջ գտնուող սենտիքայի կեդրոնատեղին:

Սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին վերջինս ըսաւ, որ իր գլխաւոր նպատակն է գործակցութեան կապը միշտ ամուր պահել մարզական լրագրողներուն հետ, որպէսզի երկու կողմերը միշտ իրարու հետ գործակցին առաւելագոյն չափով:

Այս հանդիպումին Աուն եւ ներկաները համաձայն գտնուեցան նոյն վայրին մէջ շատ աւելի ընդլայնուած հանդիպում-ժողով մը կատարել բոլոր մարզական լրագրողներուն հետ երեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին:

Հանդիպումին աւարտին Աուն ըսաւ, որ խմբագիրներու սենտիքայի կեդրոնատեղին կը դնէ մարզական լրագրողներուն տրամադրութեան տակ, որպէսզի անոնք հոն զգան իրենց տուներուն նման:

 

Share this Article
CATEGORIES