Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԲԱԿԻՆ ՄԷՋ. ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ` ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի, մասնակցութեամբ «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբի` ղեկավարութեամբ դոկտ. Էտուար Թորիկեանի, երէկ` երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2011-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան Ս. պատարագ` Մեծ եղեռնի նահատակներու յիշատակին:

Օրուան պատգամաբեր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան նկատել տուաւ, որ ապրիլեան նահատակներու, ցեղասպանութենէն վերապրողներուն իմաստութիւնն է, որ այսօր մեզ հպարտանքի զգացումներով կ՛ողողէ եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ թշնամի թուրքին նայուածքները ուշադրութեամբ ուղղուած են համայն աշխարհի հայութեան եւ մայր հայրենիքի վրայ: «Ապրիլ 24: Թուական մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ ամէն հարազատ հայու վրայ», շեշտեց Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան` աւելցնելով, որ ջարդ, սպանդ, եղեռն, ցեղասպանութիւն բառերը այլեւս սովորական կը հնչեն մեր ականջին: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք 96 տարի ետք կ՛ըմբռնենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ջարդ:

«Մենք կը պարծենանք մեր Ապրիլ 24-ով մեր նահատակներով, սակայն լաւ որ Ապրիլ 24-ը կայ եղեր, որպէսզի տարին մէկ անգամ հպարտանանք մեր հայ ըլլալով: Չմոռնանք, որ անոնք մեռան, որ մենք ապրինք…», հաստատեց բանախօսը` աւելցնելով, որ մեր նահատակները պէտք չունին մեր խունկին եւ աղօթքին, որովհետեւ անոնք անմահացած են երկրի վրայ ու երկինքի մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ Ապրիլեան նահատակներուն պատգամը իմաստուն ըլլալ է, եւ կոչ ուղղեց ուխտելու հայ ապրիլ եւ հայ մեռնիլ: «Թող ապրի՛ նահատակներուն անմահ յիշատակը, թող յաւե՛րժ ապրին այս օրերու հայապահպանները, թող յաւերժանա՛ն հայ ազգին եւ եկեղեցւոյ հարազատները… ուխտենք անոնց կտակին մեր հաւատարմութիւնը, մեր գործադրումը», եզրափակեց Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան: Աւարտին թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր բակին մէջ զետեղուած Ապրիլեան յուշակոթողին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:

Share this Article
CATEGORIES