ԼԵՄ-ԶՈՄ. ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ` ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԷՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն շարքին, կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, աւելի քան 350 երիտասարդներ, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի կազմակերպութեամբ, կատարեցին քայլարշաւ մը, որ սկիզբ առաւ Պուրճ Համուտէն` հասնելով Անթիլիասի Մայր տաճար` մասնակցելու համար հսկումին:

Արդարապահանջ երիտասարդները այս յատկանշական քայլարշաւով վերանորոգեցին իրենց ուխտը` պայքարելու յանուն Հայ դատին, մինչեւ որ հայը տիրանայ իր բռնախլուած իրաւունքներուն:

Հայաստանի եւ Լիբանանի դրօշակներով ու յեղափոխական երգերով անոնք անգամ մը եւս եկան փաստելու, որ սփիւռքահայը անտարբեր չի կրնար մնալ թուրք-ազրպէյճանական հակահայ քաղաքականութեան դիմաց եւ այնքան ատեն որ հայ երիտասարդներուն բռունցքը միացած է բռնելու կարմիր դրօշը, բահը, գրիչն ու սուրը, ոչ մէկ մեծ պետութեան քմահաճոյքի առարկայ կրնայ դառնալ հայ ժողովուրդը:

Քայլարշաւը վերջ գտաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով, բայց իր աւարտին չհասաւ, որովհետեւ պայքարը կը շարունակուի մինչեւ յաղթանակ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Share this Article
CATEGORIES