Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի Ախոյեանութիւն (Լիբանան). Ճափոնցիները Տիրացան Տիտղոսներու Մեծամասնութեան

Երէկ` կիրակի, 14 հոկտեմբերին, իր աւարտին հասաւ Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի տղոց եւ աղջկանց 18-րդ եւ կրտսերներու 4-րդ ախոյեանութիւնը, երբ Մըրուժ – Պիսքանթայի մէջ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը:

Այս ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի, հսկողութեամբ Ասիոյ հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ Պիսքանթայի քաղաքապետութեան:

Երէկ տեղի ունեցած չորս տարբեր հանգրուաններու տիրապետեցին ճափոնցի հեծելանւորդները, երբ խլեցին երեք առաջնութիւններ: Անոնք ընդամէնը տիրացան չորս ոսկի (մէկ ոսկին` շաբաթ օր) եւ մէկական արծաթ եւ պրոնզ մետալներ: Վիեթնամ տիրացաւ մէկական ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալի, իսկ Ղազախստան, Չինաստան եւ Սինկափուր` մէկական արծաթ եւ պրոնզ մետալի: Իսկ Լիբանան եւ Թայփէ տիրացան մէկական պրոնզ մետալի:

Լիբանանի համար պրոնզ մետալը ապահովեց Ժոել Տաու, որ կրտսերներու ախոյեանութեան հանդիսացաւ երրորդ` արձանագրելով 1 ժամ 04′ 01″ արդիւնք մը:

Երէկուան փակման հանդիսութեան եւ մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին նախարար Քարամէի ներկայացուցիչը` Եասեր Ապպուշի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, Հեծելարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին ներկայացուցիչը` Տոմինիք Ռեմոն, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին նախագահ եւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վազգէն Մելիքեան, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամ Նազարեթ Հապիպեան եւ այլ անդամներ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ եւ մրցաշարքի իրաւարար Հրաչ Ծատուրեան, իրաւարար Կարինէ Օհանեան, այլ անձնաւորութիւններ եւ այս մարզով հետաքրքրուած հանդիսատեսներ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES