50 Տարի Առաջ ( 16 Հոկտեմբեր 1962 )

Հայկական Կեանք

ՀՅԴ Հրապարակային Կարեւոր Ժողովներ
Ամերիկայի Մէջ

«Հայրենիք»-ի մէջ (10 հոկտեմբեր) կը կարդանք.-

7 հոկտեմբերի կիրակի օր, ընկերներու եւ համակիրներու բազմութեանց ներկայութեան, Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիոյ, Շիքակոյի եւ Տիթրոյիթի շրջաններուն մէջ` տեղի ունեցան հրապարակային կարեւոր ժողովներ, ուր յաջորդաբար խօսեցան ընկերներ Մինաս Թէօլէօլեան, Յակոբ Խաշմանեան, Արթըր Կիրակոսեան եւ Հրայր Խանպէկեան:

ՀՅԴ տեղական կոմիտէներու եւ Կեդր. կոմիտէն կազմակերպած այս ժողովները ժողովրդային եւ համակիր շրջանակներու հետ անմիջական շփումի եւ ազգային, հանրային ու քաղաքական կարեւոր հարցերու շուրջ հաւաքական արտայայտութեանց առիթներ եղան: Մեր բանախօսները այս առթիւ հանգամանօրէն պարզեցին ՀՅ Դաշնակցութեան ճիգերն ու աշխատանքները` մտահոգութիւններն ու ձգտումները հայ կեանքի բոլոր ճակատներուն վրայ, եւ առիթ տուին ներկաներուն, որպէսզի հարցումներ ուղղեն եւ արտայայտուին իրենց կարգին: Այս ձեւով ստեղծուեցաւ ընդհանուր ոգեւորութիւն` բոլոր շրջաններուն մէջ:

Հրապարակային այս ժողովներէն օր մը առաջ, շաբաթ երեկոյ ընկերական ժողովներ գումարուեցան վերոյիշեալ չորս շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Ուստրի եւ Հարթֆըրտի մէջ: Ուստրի մէջ ընկ. Վ. Ազապլար, Հարթֆըրտի մէջ` ընկ. Երուանդ Թերզեան, իսկ միւս չորս քաղաքներուն մէջ` ընկերները Թէօլէօլեան, Խաշմանեան, Ասատուրեան եւ Խանպէկեան լայնօրէն զեկուցեցին կազմակերպական հարցերու մասին, ընկերական ջերմ ու ոգեւոր մթնոլորտի մէջ:

Ա. Խաչատրեանի «Սպարտակ»-ը
Նիւ
Եորքի Մէջ

Լեւոն Քէշիշեան Նիւ Եորքէն կը գրէ.-

Արամ Խաչատրեանի «Սպարտակ» բեմապարի առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, 12 սեպտեմբեր 1962, «Մեթրոփոլիթըն Օփերա»-ի բեմին վրայ, «Պոլշոյ» բեմապարի խումբին կողմէ:

Ոչ միայն բոլոր աթոռները գրաւուած էին, այլեւ բազմաթիւ ներկաներ ոտքի վրայ էին:

Ու այս առաջին անգամն էր, որ «Պոլշոյ» կը ներկայացնէր Արամ Խաչատրեանի գործը Խորհրդային Միութենէն դուրս:

Խումբին մէջ միայն մէկ հայ պարող կայ` Վլատիմիր Բարսեղեան, իսկ հակառակ որ կը կարծուէր, թէ Արամ Խաչատրեան ներկայ պիտի ըլլար ու ղեկավարէր իր այս նոր գործը, ան չեկաւ, ու Սոլ Հիւրոք, որ «Պոլշոյ» խումբը հոս բերաւ, կարող չեղաւ մեր հետաքրքրութեան գոհացում տալ, թէ ինչո՛ւ վարպետը եկաւ Նիւ Եորք:

Խորհրդային Միութեան Անգլիոյ Դեսպանը
Երեւանի
Մէջ

Երեք օր Հայաստան մնացած է Խորհրդային Միութեան Անգլիոյ դեսպանը` Ֆրենք Ռոպերթսըն, իր կնոջ եւ դեսպանատան առաջին քարտուղար Լենիսի հետ:

Անգլիացի դեսպանը, պատշաճ այցէն ետք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Բ. Մարտիրոսեանին, հանդիպում մը ունեցած է Արտասահմանի հետ բարեկամութեան եւ մշակոյթի կապի հայկական ընկերութեան նախագահին` Բերսարէ Գրիգորեանի հետ:

Անգլիացի հիւրը այցելած է Սեւան, Երեւանի մատենադարանը, պատմութեան թանգարանը եւ Էջմիածին, ուր ընդունուած է Վազգէն Ա. կաթողիկոսին կողմէ:

Շաւարշ Նարդունի
Հիւանդանոցէն
Ելած

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ գրագէտ Շաւարշ Նարդունի, որ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ինկլընտի հիւանդանոցը վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուած էր, կատարելապէս դարմանուած ըլլալով` անցած երեքշաբթի հիւանդանոցէն ելած է ու վերադարձած` իր հարազատներուն մօտ, Փրովիտանս:

Նարդունի միջոց մը հանգստանալէ ետք պիտի այցելէ Ամերիկայի զանազան հայաշատ կեդրոնները:

 Ամերիկա Կը Գնահատէ Լիբանանը

«Լիբանան Արժանի Է Շնորհաւորութեանց`
Ժողովրդավարական
Վարչակարգի Ներքեւ
Իր
Ունեցած Յառաջդիմութիւններուն Համար»
Կը
Գրէ Պաւլես Դեսպան Մայերի

Պէյրութի ամերիկեան դեսպան Արմին Մայերի ղրկուած նամակի մը մէջ Սպիտակ տան խորհրդական Չեսթըր Պաւլես կը գրէ. «Լիբանանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը արժանի են ամէն կարգի գովեստներու` տնտեսական, ընկերային եւ ժողովրդավարական մարզերու մէջ իրենց կատարած բոլոր նուաճումներուն համար»:

Այս նամակը մաս կը կազմէ թղթակցութեան մը, որ տեղի ունեցած է նախագահական խորհրդականին եւ Լի. Մայերի միջեւ, որ լուսաբանութիւններ կը պահանջէր Պաւլեսի վերջին տեղեկագրին մէջ գործածուած կարգ մը արտայայտութիւններու սխալ մեկնաբանութեան մասին:

Իր պատասխանին մէջ Պաւլես կը գրէ.

«Լիբանանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը կրնան հպարտ ըլլալ, որ իսկական ժողովրդավարական դրութեան մը ներքեւ եւ իրենց քրտնաթոր ջանքերով կրցած են անձ գլուխ ազգային արդիւնաբերութիւնը հասցնել աշխարհի երիտասարդ ազգերու մէջ առաջնագոյն աստիճանին: Շատ աւելի գովելի է նաեւ այն ճշմարտութիւնը, որով լիբանանցի մեր բարեկամները, չգոհանալով իրենց խլած դափնիներով, ուրիշներու ետեւէն են` իրենց ժողովուրդներուն աւելի բարձր կենսամակարդակ մը ապահովել կարենալու համար: Հանրօգուտ շինութեանց մասին ձեր դեսպանատան ղրկած տեղեկագիրները վաւերացուելու վրայ եղող ընկերային ապահովութեան օրինագիծը, աժան բնակարաններու շինութեան ծրագիրը, տեղական դրամագլուխներով ճարտարարուեստականացումին թափ տալու համար մշակուող ծրագիրները եւ ասոնց ամէնուն ետին գտնուող ազգային աննախընթաց ոգին մեծապէս կ՛ողջունուին հոս` Ուաշինկթընի մէջ:

«Լիբանանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը արժանի են շնորհաւորութեանց:»

Share this Article
CATEGORIES