Յուշատետր. Օրը Քառասունութ Ժամ

Ռ. Հ.

Գրասէր բարեկամներէս մէկը, խանդավառուելով այն իրերայաջորդ գիրքերէն, զորս կը հրատարակեմ շարունակ, օր մը ըսաւ.

– Քեզի կը մաղթեմ օրը քառասունութ ժամ… Շնորհակալութեամբ եւ խնդալով ընդունեցի բարի մաղթանքը, գիտնալով հանդերձ, թէ մէկ օրուան համար քառասունութ ժամը շա՜տ-շատ է, եւ թէ` վերջին հաշուով օրական այժմու քսանչորս ժամերը լիուլի կը բաւեն, որպէսզի իր պարտականութեան գիտակից ամէն մարդ կարենայ իրագործել այն, ինչ որ իրմէ կը սպասուի:

Իմ գրասէր բարեկամներէս ոմանք միշտ զարմացած են, թէ որքան շատ բան կը գրեմ, որքան շատ բան կ՛արտադրեմ ամէն օր: Միշտ ալ հարցուցած են, թէ ինչպէ՛ս կը հասնիմ այսքան շատ բան գրելու: Օրուան ժամերը կը բաւե՞ն այսքան շատ բան գրելու: Իսկ ես կրնամ ըսել, որ քիչ մըն ալ ամօթով մնացած եմ բարեկամներուս  այս զարմանքին դիմաց, որովհետեւ միշտ ալ գաղտնօրէն մտածած եմ, որ ես օրուան քսանչորս ժամերուն շատերը պարապի կ՛անցընեմ, կ՛անցընեմ առանց աշխատելու: Բայց հարցում մը կար, որ կարեւոր էր: Եթէ ամէն օր այդ ժամերն ալ պարապ չանցընէի, որքա՞ն աւելին գրած ու արտադրած պիտի ըլլայի: Կամ` կարելի՞ էր, որ ես մէկ օրուան մէջ այդ քանի մը ժամերը պարապ չանցընէի:

Մարդը մեքենայ չէ, որ օրը քսանչորս ժամ աշխատի նոյն կշռոյթով ու արդիւնաւէտութեամբ: Ինչո՞ւ ստեղծուած է դադարը, արձակուրդը, ինչո՞ւ մարդիկ խանութը կը փակեն ու տուն կ՛երթան, ինչո՞ւ մարդիկ գիշերը հեռատեսիլ կը դիտեն, կամ բարեկամներու հետ կը զբօսնուն, կամ` պտոյտի կ՛ելլեն, կամ` պարզապէս բազկաթոռի մը մէջ կը նստին, կը հանգչին, կը մրափեն: Եթէ այս բոլորը չընէին եւ ատոր փոխարէն շարունակ աշխատէին, որքա՞ն աւելին պիտի տային արդեօք:

Ես շնորհակալ էի այն սիրելի բարեկամիս, որ կը մաղթէր, որ օրուան ժամերս կրկնապատկուէին, որպէսզի աւելի շատ աշխատէի ու աւելի շատ արտադրէի: Բայց ես պէտք չունէի այդ կրկնապատկումին: Անկեղծ խօսք, օրուան քսանչորս ժամերը կը բաւէին ինծի, փառաւոր կերպով կը բաւէին, հրաշալիօրէն կը բաւէին, որովհետեւ ես շատ լաւ գիտէի, թէ մարդ որքան շատ բան կրնայ ընել, օրինակ միմիայն մէկ ժամուան մէջ իսկ: Մէկ ժամուան մէջ միմիայն: Որովհետեւ ես շատ լաւ գիտէի, թէ որքա՛ն երկար ժամանակ է սա մէկ ժամ կոչուածը, վաթսուն լման վայրկեան: Որովհետեւ տակաւին ես շատ լաւ գիտէի, թէ ամէն օր բաւական կոկիկ ժամանակ մը յումպէտս կը վատնէի գիտակից ծուլութեամբ ու աշխատելու դժկամութեամբ: «Սա պահուն սիրտս աշխատիլ չի ցանկար» կ՛ըսէի ես ինծի: Այդքան պարզ էր: Բայց գիտէի նաեւ, որ այդ գիտակից ծուլութիւնը իմ մարդկային իրաւունքս էր: Եւ ոչ թէ միայն մարդկային իրաւունքս էր, այլ նաեւ է՛ր յաջող աշխատանքիս խթանիչը: Հիմա քիչ մը ծուլութիւն պիտի ընէի, հիմա քիչ մը պարապ պիտի նստէի, որպէսզի քիչ վերջ կարենայի աշխատիլ: Որովհետեւ հրաշալիօրէն գիտէի նաեւ, թէ մարդ փոխանակ երկու ժամ աշխատելու, եթէ չորս ժամ աշխատէր, երկու ժամուան մէջ ըրածին կրկինը պիտի չընէր: Այստեղ թուաբանութեան օրէնքները կրնային սնանկանալ: Նոյն մարդը չորս ժամուան ընթացքին ալ թերեւս պիտի ընէր այն,  ինչ որ պիտի ընէր արդէն երկու ժամուան ընթացքին:

Է՛հ, Մայր Բնութեան հրաշալի խորհուրդներն են, որոնք ահաւասիկ շարունակ կը դառնան մեր գլխուն շուրջ: Մայր Բնութեան հրաշալի գաղտնիքները: Պատասխան չունեցող հարցումները: Չգիտնալը, թէ ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ սապէս ընէի, փոխանակ այսպէս ընելու: Չգիտնալը, թէ կեանքիս մէջ ի՞նչ բան որքան պիտի փոխուէր եթէ օրական կէս ժամ աւելի շատ աշխատէի, եթէ օրական կէս ժամ աւելի երկար քնանայի, եթէ ամէն օր գոնէ տասը վայրկեան պատուհանին առջեւ նստելով` փողոցը չդիտէի, եթէ ես զիս ամէն օր գոնէ ժամ մը ծուլութեան չյանձնէի, եթէ միտքով չթռչէի երեւակայութիւններու երկնքին վրայ..:

Հրաշալի էր բարեկամիս իմ իւրաքանչիւր օրը քառասունութը ժամը բարձրացնելու մաղթանքը, բայց պէտք չունէի: Սա` յստակ է: Մտածեցի, որ ես օրուան մէջ աւելի շատ ժամի ու ժամանակի պէտք չունիմ: Ես ամէն գիշեր նոր օրուան մը պէտք ունիմ, այդքա՛ն: Ես ամէն օր նոր արեւի մը պէտք ունիմ: Թող ժամերս չաւելնան, հոգ չէ, միայն թէ գալիք օրերս չպակսին: Ես ամէն օր պէտք է տեսնեմ արեւին ծագիլը, նոյնիսկ եթէ այդ արեւածագը ինծի պիտի թողու աշխատանքի քիչ ժամանակ: Ես ամէն օր պէտք է տեսնեմ, որ արեւը մարը կը մտնէ, ամէն օր պէտք է տեսնեմ, որ աստղերը կրկին փայլիլ սկսան, ամէն գիշեր պէտք է զգամ, որ կոպերս ծանրացած են` քնանալու փափաքի մը անձնատուր դառնալով: Եւ ես տակաւին պէտք է որ մտածեմ, թէ ընելու շատ բան ունիմ: Ես պէտք ունիմ տեսնելու, թէ ժամերս չբաւեցին, որ այսօր ընեմ իմ ընել ուզածին ամբողջը: Ես պէտք ունիմ տեսնելու, որ բաներ մը վաղուան մնացին: Եւ ես տակաւին պէտք չունիմ գիտնալու, թէ ի՛նչ էր այն, որ վաղուան յետաձգուեցաւ: Գաղտնի թող մնայ այդ մէկը: Ես պէտք ունիմ միայն գիտնալու, թէ վաղն ալ պիտի աշխատիմ, վաղն ալ պիտի արտադրեմ, եւ վաղուան աշխատանքս ալ պիտի ընդհատուի ու պիտի ղրկուի միւս օրուան: Որովհետեւ գործը չի վերջանար ո՛չ օրը քսանչորս ժամուան աշխատանքով, ո՛չ օրը քառասունութ ժամուան աշխատանքով:

[email protected]

Share this Article
CATEGORIES