Տպաւորութիւններ. Երբ Հայ Գիրքն Ու Աշակերտը Կ՛արժեւորուին Ողջունելի Հրատարակութեամբ
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Տպագրական վայելք պիտի ուզէի անուանել այս գրութեան խորագիրը, որովհետեւ ընթերցասէր հասարակութեան սեղանին վրայ է արդէն հրատարակութիւն մը, որ ունի բովանդակային հնչեղութիւն եւ գեղարուեստական եզակի ճոխութիւն:
Յայտնապէս խօսքը չի վերաբերիր դասական հասկացողութեամբ հրատարակութեան մը, որովհետեւ անիկա ուրիշներէն կը զանազանուի տարբեր առումներով:
Յստակացնենք:
Նախորդ կրթական տարեշրջանին միջդպրոցական մրցումի մը ծիրին մէջ տեղի ունեցած էր նաեւ նախաձեռնութիւն մը` Համազգայինի հրատարակչատան կողմէ, որ կը միտէր հայ աշակերտին մօտ զարգացնել հայերէնագրութեան մղումն ու ստեղծագործելու շնորհը` «Հայերէն գիրք» պատրաստելու ընդհանուր խորագիրին տակ:
Բազմաթիւ հայ վարժարաններ ընդառաջած էին հրաւէրին եւ իրենց մասնակցութիւնը բերած մրցումին:
Օրին մրցանակաբաշխումի պատշաճ հանդիսութեամբ մը արդէն յայտարարուեցան մրցանակ շահած վարժարաններու եւ դասարաններու անունները, նաեւ գաղութին ուշադրութեան յանձնուեցաւ այն, որ կազմակերպիչ մարմինը մտադիր էր զանոնք մէկտեղելու գիրքի մը ծածկին տակ եւ անվճար բաժնելու հայ վարժարաններու աշակերտութեան:
Անհարկի չենք սեպեր յայտնել, թէ նման նախաձեռնութեան մը առաւել արդիւնաւէտութեան համար արդէն կազմուած էր համադրումի յանձնախումբ մը, որ կը բաղկանար հայ գիրին ու գրականութեան սպասարկու գաղութի հայորդիներէ, որոնց վիճակուած էր ամենայն բծախնդրութեամբ եւ անաչառօրէն քննել ու սրբագրել իւրաքանչիւր մատուցուած աշխատանք եւ ըստ արժանւոյն գնահատել զայն:
Առաջին հայեացքով եւ հաճոյքով թերթատելէ ետք Համազգայինի հրատարակչատան կողմէ լոյսին յանձնուած խիստ գնահատելի գիրքը, ուր ամփոփուած են մրցանակակիր տարբեր վարժարաններու եւ դասարաններու կողմէ պատրաստուած գրութիւնները` տարբեր նիւթերու եւ պատկերներու յաջորդականութեամբ, հոգիդ է, որ կը հրճուի ի տես աշակերտական հետաքրքրութիւններուն եւ խանդավառութիւններուն:
Այլապէս ալ անմիջական ուշադրութեանդ առանցքը կը դառնայ տպագրական գրաւչութիւնն ու գեղարուեստական որակը:
Այլ խօսքով, մատուցուած գրութիւններու առընթեր հիացմունք պատճառող նկարները (ըլլան գծագրութիւն թէ լուսանկար) կը տողանցեն գիրքի ամբողջ տարածքին, ուր անոնք արժանացած են համապատասխան գուրգուրանքի եւ ձեւաւորման:
Յիրաւի, հրատարակութիւնը կը բնորոշուի իր գեղատիպի եւ մանկավարժի առանձնայատկութեամբ, ուր առաւելաբար առկայ են գունաւոր էջերու ճոխութիւնն ու առինքնող իրաւութիւնը:
Արձանագրենք:
Գաղութահայ մեր իրականութեան շունչ ու ոգի յանձանձող ամէն նախաձեռնութիւն, որ կը միտի հասարակական կեանքի զարգացման ու սերունդներու դաստիարակութեան, անպայման արժանի է բոլորիս գնահատանքին: Նկատի ունենալով, որ հայ գիրքն ու լեզուն տակաւ կ՛ապրին ինքնաշիջումի պահեր եւ բազմակի մարտահրաւէրներ, նման պիտանի աշխատանքներ կ՛ունենան իրենց թելադրականութիւնն ու շեշտակի ազդեցութիւնը, պարզ այն հասկացողութեամբ, որ նոյնիսկ համեստ գրութիւն մը, պատկեր, գծագրական շնորհ թէ մտածում, երբ արժանի կը դառնայ շրջապատի մը քաջալերանքին եւ անվերապահ աջակցութեան, արդէն իսկ որոշակի խայծ մը պարգեւած կ՛ըլլանք նորահաս սերունդին, որուն պատկանելիութեան դրոշմն անգամ ենթակայ է աղաւաղումի եւ կը հարուածուի ամէն վայրկեան` պէսպէս յորձանուտներու կողմէ:
Ճիշդ է, որ, ներկայացուած գիրքը հայ աշակերտական փաղանգի մը հաւաքական ճիգին ու աշխատանքին արգասիքն է, ուր եւ իրենց շնորհակալ եւ օրինակելի ներդրումը ունեցած են ուսուցիչներ թէ պատասխանատուներ, այդուամենայնիւ, անիկա չի դադրիր հայ կեանքին մէջ ըլլալէ երեւոյթ մը, որով պէտք է խրախուսուիլ եւ հպարտանալ:
Գործնական առումով ալ, երբ ամէն քայլափոխի կոչեր ու յորդորներ կը լսենք հայերէնի պաշտպանութեան եւ պահպանումին մասին, նման աշակերտական համեստ աշխատանք մը, որ կ՛արժեւորուի ըստ էութեան գնահատելի եւ ողջունելի հրատարակութեամբ մը, արդէն ինքնին ցուցանիշ է յանձնառութեան եւ մարտահրաւէրները դիմակայելու տրամադրութեան:
Յայտնապէս ընդգծելի է նաեւ իրողութիւն մը, որ ապազգայնացած մեր միջավայրին եւ անհայրենիք ապրելու դառնութեան դիմաց նման համեստ նախաձեռնութիւն մը իր պարփակեալ իմաստով եւ շնչաւորող ազդեցութեամբ քայլ մըն է, որ պիտի նպաստէ ինքնազարգացման եւ առաւել հայացման, եթէ երբեք կարենանք առաւելագոյնս օգտուիլ նման ընձեռուած պատեհութիւններէ:
Այլ ասած, տակաւ ընդարմացող հայ հաւաքական կեանքին դէմ յանդիման, մրցանակները պիտի յաջողի՞ն խայծ մը հանդիսանալ հայ ինքնութեան եւ կամքի ամրապնդումին, եւ կամ պիտի կարենա՞ն հայ աշակերտին մէջ վառ պահել հայաբոյր զգացումներու եւ ապրումներու շքեղութիւնը:
Առանց յաւակնոտ մօտեցումներու յայտնենք, որ համոզուած ենք, թէ նման պերճախօս աշխատանքներ անպայման որ կ՛արդիւնաւորուին, երբ անոնց կ՛ագուցուին համոզումի ու կամքի ջահերը, հեռանկարային վարքագիծերն ու տեսլահար մտածումները, որոնց բոցավառումին իրենց ներդրումը ունին նմանօրինակ ազնիւ նախաձեռնութիւններ:

