«Ամբողջական Հայաստան» Պուրճ Համուտի Մէջ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Լիբանանի հայութիւնը ցնծութեան օր մը ապրեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրապարակին վրայ` հրաւէրովը ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին: 14 հոկտեմբեր 2012, Թարգմանչաց տօնին արձագանգն էր այդ, որ իբրեւ հայակերտումի խորհրդանիշ, իրարու քով համախմբեց հազարաւոր հայորդիներու բազմութիւնը, որ ապրեցաւ իր կորսնցուցած Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յիշատակը:

«Ամբողջական Հայաստան» փառատօնին կազմակերպիչները ամիսներ շարունակ ջանք չխնայեցին, որպէսզի նոր սերունդի զաւակները գիտնան, չմոռնան եւ յիշեն, թէ իրենք թոռները եւ ծոռներն են իրենց բնօրրաններէն բռնագաղթի ենթարկուած ժողովուրդին: Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա… Սփիւռքի մէջ կազմակերպուած են հայրենակցական միութիւններ` վառ պահելու համար յիշատակը եւ պահանջատիրութեան կամքը, մինչեւ որ լուծուի հայուն Դատը, Թուրքիա ճանչնայ իր մեծ ոճիրը:

Տիգրանակերտ, Ուրֆա, Սասուն, Մարաշ, Այնթապ, Ատանա, Էյպեզ, Պերեճիք եւ միւս ծննդավայրերու անուններով կրպակներ զետեղուած էին` իւրաքանչիւր գաւառի կամ քաղաքի իւրայատուկ բարքերը, սովորութիւնները, ճաշերը, խմորեղէններն ու անուշեղէնները հրամցնող: Կային կրպակներ նաեւ ձեռային արուեստի, գորգի, մշակոյթի, գիրքի եւ այլ հայկական ձեռագործներու ցուցանմուշներով զարդարուած: Ներկայ եղաւ նաեւ ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը (Նոր Մարաշ)` իր յատուկ ուտեստեղէնի կրպակով:

Այս առիթով պարտք կը նկատենք գնահատել նաեւ ներկայութիւնը Ջաւախքի, զոր ներկայացուց Զաւարեան ուսանողական միութիւնը (ԶՈՄ), Արցախը ներկայացուցած էր ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը (ԼԵՄ), պատանիներ լծուած էին իւրաքանչիւրը իր հաւատարմութեան երաշխիքով:

Ժողովրդային իւրայատուկ խանդավառութեան ջերմութիւնը բարձրացաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի երաժշտական միաւորներու ներկայութեամբ: Մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին պատանիներու դհոլի խումբը, կիթառահարներու համոյթը, կատարուեցան նաեւ հայկական պարեր: «Վանայ ձայն» իր անձնակազմով, մրցում խաղերով եւ երաժշտութեամբ հայ երգին արձագանգներով լեցուց շրջանի տարածքային ոլորտը:

Ձեռնարկին ընթացքին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ուղղեց իր գնահատանքի խօսքը, որուն մէջ ան ընդգծեց Պուրճ Համուտի հայկական ազգային դիմագիծը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը իր սկաուտներով, շեփորախումբով եւ յատուկ աշխատանքներով օժանդակեց ձեռնարկին յաջողութեան:

Օրուան բեմավարութեան դերը ստանձնած էր Սեւան Կարապետեան-Ադամեան, հայկական տարազով յիշեցնելով գաւառական մեր տարազներու գեղեցկութիւնը, նոր երանգ մը տալով բեմին, որ պատրաստուած էր «Սարդարապատ» կոմիտէի երիտասարդներու եւ նուիրեալ վարպետներու աշխատանքով, առանց մոռնալու լուսաւորութեան յատուկ աշխատանքները` գիշերային խորհուրդը գունաւորելով նոր փայլով:

Ամբողջ օրուան ընթացքին գործադրուեցաւ մարզաձեւերու յայտագիր` զանազան ձեւերով, ինչպէս` Քոնկ ֆու-Ուու շու եւ այլ մարզաձեւեր:

Փառատօնի եզրափակիչ երեկոն սպասուած հիւրին ներկայութիւնն էր, հայրենի համբաւաւոր երգիչ Արսէն (Մըրրօ) Գրիգորեան, իր նուագախումբին ընկերակցութեամբ: Հայրենասիրական, ժողովրդային եւ գաւառական երգերու տաղանդաւոր այս մեկնաբանը իր սրամիտ զրոյցով` հայրենակցական միութիւններու եւ անոնց յիշատակած քաղաքներուն առնչուած, խանդավառութեան ծափերը երկարաձգեցին: Արսէն Մըրրօ արժեւորած է մեր բնօրրանները, մեր հայրենի ծննդավայրերը: Ան արժանացաւ ամէնուն գնահատանքին, ներկայ խուռներամ ժողովուրդին, մեր ազգային-կուսակցական թէ միութենական ներկայացուցիչներուն: Անմոռանալի փառատօն մը արդարեւ, որ բարձրացուց Պուրճ Համուտի հայադրոշմ մթնոլորտին ջերմութիւնը, որուն իրագործման գլխաւոր օժանդակներէն եղաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը:

Վերջին տարիներուն նման հանդիսութիւններով կը ծրագրուի վառ պահել հայրենասիրական մեր ապրումները:

«Ամբողջական Հայաստան» վերնագիրին ներքեւ իրագործուած այս նախաձեռնութիւնը վկայութիւն մը եղաւ մեր ազգային կազմակերպութիւններուն ջանքերուն, մեր վարժարաններուն, մեր մշակութային միութիւններուն, մեր հայրենակցական միութիւններուն: Այս պարագային ջերմօրէն ծափահարելի է ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի (Պուրճ Համուտ, Նոր Մարաշ) ներդրումը, հայը հայ պահելու ճանապարհին իր արտայայտած ու հետապնդած գաղափարը` Ամբողջական Հայաստանին տիրանալու նպատակով:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES