Թրիաթլոնի Ֆետերասիոնին Նախագահը Այցելեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետին

Յակոբ Քէշիշեան (ձախին) եւ զօր. Մահմուտ Տիպ

Երէկ` երկուշաբթի, 15 հոկտեմբերին, Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ, հանգստեան կոչուած զօր. Մահմուտ Տիպ, այցելեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ` Յակոբ Քէշիշեանին:

Մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ ընթացած հանդիպումին ընթացքին զօր. Մահմուտ Տիպ բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի աշխուժ մասնակցութիւնը Լիբանանի մարզական կեանքին մէջ:

Ան դրուատիքով արտայայտուելէ բացի յատուկ կերպով շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ Լիբանանի բոլոր ֆետերասիոններուն մէջ ՀՄԸՄ պէտք է ունենայ իր ներկայացուցիչը:

Երկու կողմերը որոշեցին յառաջիկային դարձեալ տեսակցիլ իրարու հետ եւ աւելի մանրամասն խօսիլ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն մասին, որոնք տեղի պիտի ունենան 17 նոյեմբեր 2012-ին:

Share this Article
CATEGORIES