Հենրիխ Մխիթարեան` Երեւանի Պատուաւոր Քաղաքացի

ArmFootball.com լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին, Երեւանի աւագանիին որոշումով, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Շախտիոր Տոնեցքի յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան արժանացաւ Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչումին:

Ինչպէս կը յայտնէ Panorama.am կայքէջը, Երեւանի քաղաքապետութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան յղումով, ֆութպոլի ասպարէզին մէջ ունեցած մեծ յաջողութիւններուն, մարզական փայլուն նուաճումներ ձեռք ձգած ըլլալուն համար, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի անդամ, Հանրայայտ ֆութպոլիստ Հենրիխ Համլեթ Մխիթարեանին, Երեւանի աւագանիին որոշումով, շնորհուած է Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում:

 

Share this Article
CATEGORIES