Ռէալ Մատրիտի Պրազիլցի Յետսապահ Մարսելօ Շուրջ Երեք Ամիս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յետսապահ Մարսելօ, որ մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտի, նախորդ շաբաթավերջին վիրաւորուելով շուրջ երեք ամիս հեռու պիտի մնայ ֆութպոլի դաշտերէն:

Մարսելօ վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Վարշաւայի մէջ (Լեհաստան) փորձեր կը կատարէր, այսօր Ճափոնի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին պատրաստուելու համար:

Այսպիսով, Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ կ՛ունենայ իր երկրորդ վիրաւոր մարզիկը, որ կը վիրաւորուի ազգային պարտականութեան ընթացքին: Ֆապիօ Քոյենթրաօ վիրաւորուած էր նախորդ ուրբաթ, երբ մրցում կը կատարէր Փորթուգալի հետ (2014-ի Մոնտիալ):

 

Share this Article
CATEGORIES