Զգուշացէ՛ք Թուրքիոյ «Մեծ Խաղը» Խաղալէ. Թրքական Պետութիւնը Առաջատար Դեր Ստանձնած Է Սուրիոյ Ասատը Տապալելու Պայքարին Մէջ, Բայց Ան Գաղտնի Նպատակներ Կը Հետապնդէ
ՔՈՆ ՔԱՖԼԻՆ
«Տի Ինտիփենտընթ»
Թէեւ ամէն մարդ Սուրիան կը մեղադրէ Թուրքիոյ հետ իր սահմանին վրայ թշնամական արարքներ շղթայազերծած առաջին ռումբը արձակելուն համար, բայց դժուար է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յանդգնի անմեղութիւն հռչակել, որովհետեւ ի՛նքն է բորբոքողը Սուրիոյ մէջ կրակը, որ կը սպառնայ շրջանային պայթում յառաջացնել:
Աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր, Թուրքիան է, որ ստանձնած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալելու միջազգային արշաւին մէջ գլխաւոր դերը: Ալեւի Ասատն ու անոր շրջապատը Դամասկոսէն հեռացնելու նոյնքան հետամուտ Ծոցի երկիրներուն, մանաւանդ Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի հետ սերտօրէն գործակցելով` թուրքերը բծախնդրօրէն կը համակարգեն Սուրիոյ ապստամբներուն ուղղուած միջազգային օժանդակութիւններն ու նեցուկը: Նոյնիսկ հաղորուեցաւ, որ թուրքերը ստեղծած են միացեալ հրամանատարական կեդրոն մը, որ հարաւային Թուրքիայէն կը վերահսկէ Թուրքիոյ սահմանէն դէպի Սուրիա զէնքերու, զինամթերքի եւ «կամաւորներ»ու փոխադրութիւնը: Կարճ ըսած` թուրքերը իրենց ամէն կարելին կ՛ընեն` յաջողցնելու Դամասկոսի վարչակարգի փոփոխութեան ծրագիրը, եւ նախագահ Ասատ քաջ կը գիտակցի ասոր:
Նաեւ յստակ չէ, թէ վարչակարգին հաւատարիմ ուժե՞րն են, որ անցեալ շաբաթ արձակեցին թրքական սահմանային գիւղին մէջ հինգ քաղաքացիներ սպաննած ռումբը, թէ՞ ուրիշներ: Նոյնիսկ եթէ այդպէս է, ապա յայտնի է, որ սուրիացի ապստամբներ աշխուժ գործունէութիւն կը տանին սահմանին թրքական կողմը եւ հոնկէ կ՛անցնին Սուրիա, եւ բնական է, որ (եթէ թրքական իշխանութիւնները ոչինչ կ՛ընեն զանոնք ձերբակալելու կամ սանձելու) Ասատի հաւատարիմներ իրենց արդար իրաւունքը կրնան սեպել զանոնք հարուածելը: Յամենայն դէպս սուրիական կառավարութիւնը նախ յայտարարեց, որ իր ուժերը առնչութիւն չունին դէպքին հետ, ապա ցաւակցութիւն յայտնեց ու ներողութիւն խնդրեց:
Պէտք չէ մոռնալ, որ պատերազմի մշուշին մէջ եւ սահմանային շրջաններու իրավիճակին լոյսին տակ նոյնքան հաւանական է, որ սուրիացի ապստամբներ (կամ անոնց նեցուկ կանգնող կողմեր) այդ ռումբը դիտմամբ արձակած ըլլան դէպի Թուրքիա` գրգռելու համար զայն եւ մղելու, որ իր դաշնակիցներուն հետ հակահարուած տայ Սուրիոյ: Մինչեւ օրս կարելի չէ եղած հերքել այն տեղեկութիւնները, թէ Պոսնիոյ կառավարութիւնը նոյնպիսի շնական ու լկտի արարքով մը, քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ պահուն` 1995-ին, ի՛նք ռմբակոծեց Սարայեւոյի կեդրոնական շուկան` պատճառելով սպանդ մը, որ Արեւմուտքը մղեց զինուորապէս միջամտելու սերպերուն դէմ:
Անկախաբար թրքական գիւղին վրայ յարձակումի ետին կանգնող կողմին ինքնութենէն, այդ արարքին հետեւանքը եղաւ այն, որ արեւմտեան մեծ ուժերը մղեց հակազդելու, եւ ՕԹԱՆ արտակարգ ու ստիպողական նիստ գումարեց` իր 28 անդամներով դատապարտելու յարձակումը:
ՕԹԱՆ-ի յիշեալ ժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութիւնը անզիջող ու կտրուկ ոճով դատապարտեց «Սուրիոյ կողմէ միջազգային օրէնքի խախտումը». այս ոճը քաղցրագոյն երաժշտութեան պէս հաճելի թուեցաւ Էրտողանի ականջներուն, մանաւանդ որ ան վերջին տարին իր ամբողջ ուժով կ՛աշխատէր հրահրելու Սուրիոյ մէջ արեւմտեան (աւելի մեծ) միջամտութիւն: Իր այս պահանջը հիմնաւորելու համար Էրտողան, Դամասկոսի վարչակարգի փոփոխութեան բարիքները թուելու կողքին, նաեւ կ՛արծարծէր Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ 80 հազար սուրիացի գաղթականներու պատճառած հարցերն ու Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան վերջ դնելու կարիքը:
Բայց լաւ կ՛ըլլայ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան յանձնառութիւնը ստանձնելու չափ տարուելէ առաջ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարները մտածեն Թուրքիոյ դերակատարութեան (զո՞հ, թէ՞ նախայարձակ), բայց մանաւանդ Դամասկոսի վարչակարգի փոփոխութեան հետամուտ Էրտողանի ոչ շատ այլասիրական դրդապատճառներուն մասին:
Էրտողանի 12 տարուան իշխանութեան ընթացքին ընդհանուր եկամուտի անհատական միջինը գրեթէ եռապատկուեցաւ, երկիրը վերընդունուեցաւ որպէս շրջանային ուժ, եւ այս իրագործումները ողջունուեցան իբրեւ օրինակ, թէ` յառաջդիմական իսլամական կառավարութեան մը ինչե՜ր կրնայ իրագործել: Այս պատճառով է, որ Ուաշինկթըն եւ Լոնտոն Եւրոպական Միութենէն անընդհատ կը պահանջէին վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիան լիիրաւ անդամ դարձնելու գործընթացին իր խանգարող եւ մերժողական կեցուածքը:
Բայց Էրտողանի տնտեսական գործունէութեան տպաւորիչ հաշուեկշիռին դիմաց պէտք է նժարի մէջ դնել անոր հետզհետէ շեշտուող մենատիրական իշխանութեան ոճը. բազմաթիւ քաղաքագէտներ եւ լրագրողներ կը բանտարկուին Էրտողանի քաղաքականութիւնը քննադատելու պատճառով: Ասոր կողքին, ան կ՛աշխատի դաշինքներ կնքելու ծայրայեղ իսլամական պետութիւններուն հետ: Արդարեւ, Միջին Արեւելքը հարուածած արաբական յեղափոխութիւններու նախօրեակին Էրտողան իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր Թեհրանի այաթոլլաներուն հետ յարաբերութիւններու սերտացման վրայ: Ան ստիպուած` հրաժարեցաւ այդ քաղաքականութենէն միայն այն պահուն, երբ յստակ դարձաւ, թէ չի կրնար միաժամանակ Ծոցի իր շահերը պահել եւ թոյլատրել գոյատեւումը Ասատի վարչակարգին, որ նաեւ Իրանի կարեւորագոյն շրջանային դաշնակիցն է:
Այս առանցքին վրայ նահանջը հատուցելու համար Էրտողան աշխատանք տարաւ բարեկամանալու Եգիպտոսի նախագահ Մահմուտ Մուրսիի հետ, որուն Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութիւնը յաղթական դուրս եկած էր Եգիպտոսի վերջին իրարանցումէն: Էրտողան Մուրսիին չափ երջանիկ պիտի ըլլայ, եթէ Սուրիոյ Իսլամ եղբայրներու կազմակերպութիւնը յաղթէ` առիթ ընծայելով «սիւննի աղեղ»-ին, որ Հիւսիսային Ափրիկէի ծովեզերքէն պիտի երկարի մինչեւ արեւելեան Միջերկրականի ծովափը:
Էրտողանի հետապնդած այս ծրագիրը շատ տարբեր է մինչեւ երկու տարի առաջ անոր ջատագոված շրջանային գործակցութենէն` Սուրիոյ եւ Իրանի հետ: Նաեւ կասկածելի է, որ նման ծրագիր մը նպաստաւոր ըլլայ արեւմտեան շահերուն:
Ուստի, հաշուի առնելով, որ թրքական խորհրդարանը Էրտողանին «կանաչ լոյս» տուաւ` ներխուժելու եւ բռնագրաւելու Սուրիան, ՕԹԱՆ-ի ղեկավարները զգուշ պէտք է ըլլան եւ չմխրճուին այնպիսի պատերազմի մը մէջ, որ կը ծառայէ միայն Թուրքիոյ ղեկավարին յարափոփոխ, բայց այժմ իսլամական ծրագիրին:

