Թուրքիոյ Ալեւիներուն Շարժումը Կ՛ամբողջացնէ Էրտողանի Կառավարութեան Շրջափակումը
ԱՆԹՈՒԱՆ ՀԱՅԵՔ
Այն պահուն, երբ պաշտօնական Անգարան կ՛առաջարկէր, որ Սուրիոյ փոխ նախագահ Ֆարուք Շարեհ ստանձնէ նախագահ Պաշշար Ասատի մեկնումն ու իշխանափոխումը վերահսկող փոխանցման կառավարութեան մը կազմութիւնը, նոյն պահուն կը սաստկանար Եւրոպական Միութեան քննադատական ոճը, որ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանն ու անոր կառավարութիւնը կը մեղադրէ կարծիքի ազատութեան կաշկանդումին համար (ըստ Եւրոպական Միութեան, թրքական կառավարութիւնը ուղղակի հալածանքի կ՛ենթարկէ Սուրիոյ մէջ իր միջամտութիւնը քննադատող քաղաքագէտներն ու լրագրողները): Նոյն ատեն, քիւրտ զինեալներու հետ թրքական բանակի բախումներուն վրայ կ՛աւելնար Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ լարուածութեան թէժացումն ու բռնկումը` անդրսահմանեան փոխադարձ ռմբակոծումներու: Այս բոլորին ի տես` բազմաթիւ դէտեր ուշի ուշով սկսան հետեւիլ Թուրքիոյ վիճակի զարգացումներուն, նկատի ունենալով, որ Էրտողանի կառավարութիւնը ինկած է սուրիական աքցանի երկու թեւերուն մէջ. մէկ կողմէ Եւրոպական Միութեան տուած ազդարարութիւնները, եւ միւս կողմէ` ՔԱԿ-ի հետ բաց ու հրաբորբ ճակատը: Եւ կարծես այս բոլորը բաւարար չէին, ասոնց վրայ աւելցան այն տեղեկութիւնները, զորս կը փոխանցեն Դամասկոս այցելողները. անոնք կը պատմեն, թէ տարբեր մարտադաշտերու վրայ արագօրէն իրարու կը յաջորդեն «տրամաթիք» զարգացումներ. իսկ եթէ Դամասկոսի հաղորդումները կասկածելի են, ապա այդ տեղեկութիւնները կը հաստատեն Սուրիոյ «ազատ» բանակի աղբիւրները, որոնք իրենց յաջորդական պարտութիւններն ու նահանջները զէնքի եւ զինամթերքի սուր պակասի վերագրելով` ահազանդ կը հնչեցնեն: Անոնք կ՛ընդգծեն, որ այս տագնապը շեշտուեցաւ այն օրէն, երբ Դամասկոս եւ Անգարա ուղղակի առճակատումի հանգրուանը թեւակոխեցին:
Սուրիոյ հետ անձամբ, ուղղակի եւ բաց առճակատումի երթալու Թուրքիոյ քայլը մեկնաբանելով` վերլուծաբաններ նկատել տուին, որ անիկա անխուսափելի էր, նկատի առած, որ սուրիական հակամարտութեան մէջ իր դերակատարութիւնը արդարացնելու համար հարցի համայնքային երեսը արծարծելով` Էրտողանի կառավարութիւնը սեղանի վրայ կը դնէր իր վերջին խաղաքարտը, եւ ստիպուած է մինչեւ ծայր խաղալու զայն, մանաւանդ որ հորիզոնին վրայ կ՛երեւին սուրիական տագնապը վճռելու հանգրուանին նախանշանները:
Դէտերուն ուշադրութենէն նաեւ չի վրիպիր, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի բանագնաց Լախտար Իպրահիմիի ճիգերը դիտումնաւոր խափանումի կ՛ենթարկուին, կը սաստկանան ահաբեկչական ականահարումներու վայրագութիւնը եւ թրքական ու այլ կողմերու սպառնալիքներն ու քարոզչական արշաւները: Բոլոր այս տուեալները աչքի առջեւ առած` վերլուծաբաններ հարց կու տան, որ արդեօ՞ք նպատակն է ոչնչացնել արմատական «թաքֆիր»-ական ժիհատական խմբաւորումները` զանոնք մղելով աւելի ու աւելի տարուելու Սուրիոյ մէջ պատերազմով, որպէսզի սուրիական քաղաքներուն ու քաղաքացիներուն հաշուոյն, նաեւ` սուրիական բանակին ձեռամբ, անոնք ոչնչացուին: Այլապէս, հարց կու տան մեկնաբանները, ի՞նչ իմաստ ունի այս հետզհետէ վատթարացող ապարդիւն վայրագութիւնը, զոր կը շարունակեն գործել զինեալ ընդդիմադիները այն պահուն, երբ սուրիական բանակը յաջողած է վերստանձնել մարտադաշտի վրայ նախաձեռնութիւնը, յաջողութեամբ պսակելէ ետք զինեալ խմբակները երկարատեւ մաշումի եւ արիւնաքամ ընելու իր մարտավարութիւնը, որ սպառեց այդ խմբակներուն քաղաքական ու զինուորական առաւելութիւնները:
Այս զարգացումներուն զուգահեռ, կը դժուարանար Անգարայի կացութիւնը, որ հարկ կը զգար համայնքային պատրուակներով արդարացնելու իր դիրքորոշումը: Ան սաստկացուց իր քարոզչական արշաւն ու քաղաքական ու հրետանային ռմբակոծումները Սուրիոյ դէմ` պատճառ դառնալով, որ նոր ճակատ մը բացուի Թուրքիոյ մէջ:
Այսպիսով, համայնքային խաղաքարտը «Թուրքիոյ դէմ դարձաւ», երբ երկրի ալեւիներն ալ շարժումի անցան: Արդէն անոնց կանխած էին քիւրտերը (իրանեան ճիգերով):
Այսպիսով, թրքական կառավարութիւնը ինզինք գտաւ ամբողջական շրջափակումի մէջ` սուրիական եւ իրանեան տնօրինութեամբ. Սուրիա կրկին ռմբակոծեց թրքական շրջաններ, եւ Էրտողանի կառավարութիւնը անկարող մնաց լայնածիր զինուորական պատասխան տալու եւ պատերազմ յայտարարելու ոչ միայն շրջանային եւ միջազգային յայտնի պատճառներով, այլ նաեւ` վերջերս բացայայտ դարձած ներքին ճակատի նրբութիւններուն պատճառով: Էրտողանի կառավարութեան պաշարող երկրորդ ազդակը քրտական զինեալ ընդդիմութեան սաստկացող գործունէութիւնն է: Բայց յիշեալ երկու հանգամանքներէն աւելի` Էրտողանի կառավարութեան համար ամէնէն ցաւցնող եւ զայն կաշկանդող պաշարումը ամբողջացնող երրորդ կէտը տասնամեակներէ ի վեր «թմբիրի» մէջ պահուած Թուրքիոյ ալեւիներուն թղթածրարն է:
Սուրիական ճակատամարտի կիզակէտին ու հիմնական անկիւնադարձներու այս պահուն եկաւ եւրոպական ազդարարութիւնը, որ յստակացուց Սուրիոյ մէջ ասատական վարչակարգի տապալման հետեւանքներուն գծով Ե. Միութեան տեսակէտը:
Եւրոպական քննադատութիւնը մարդկային իրաւանց եւ ազատութիւններու պատրուակով նոր հիմնաւորում մը կը հանդիսանայ վերահաստատելու Անգարայի մօտիկ ապագային միութեան մաս դառնալու դիմումին մերժումը: ՕԹԱՆ-ի վերջին ժողովին Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը արդէն յստակ դարձուցած էր, որ Եւրոպա պիտի չմասնակցի դաշնակից Թուրքիոյ կողմէ վերջինին դրացիներէն մէկուն դէմ պատերազմի:
Ուրեմն, Թուրքիա, Սուրիա սահմանագիծին վրայ ընդհարումները վերածուած են միայն Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ զէնքերով ու միջնորդներով բանավէճի, իսկ սուրիական ճգնաժամի ճակատագիրը կախեալ դարձած է միջազգային բանակցութիւններէ, որոնք կրնան սկսիլ միայն Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահի ընտրութենէն ետք:
«Նաշրա»

