Զինետին Զիտան Սկսաւ Մարզիչի Դասընթացքի Հետեւիլ
Ֆրանսական «լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկներէն, փլէյմէյքըր Զինետին Զիտան սկսած է հետեւիլ մարզիչի դասընթացքներու` Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաստատութեան մէջ:
Երբ թղթակիցները անոր հարցուցին, թէ արդեօք օրին մէկը ան կը փափաքի՞ ստանձնել Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը, ան ըսաւ. «Ինչո՛ւ չէ, օրին մէկը կ՛ուզեմ դառնալ Ֆրանսայի մարզիչը»:
CATEGORIES Մարզական

