Թուրքիա Պէտք Է Զգուշանայ Սուրիական Ճահիճէն. Անգարա Կը Դիմագրաւէ Վտանգը` Ներգրաւուելու Այնպիսի Հակամարտութեան Մը Մէջ, Որմէ, Ի Տարբերութիւն Ռիատի Եւ Ուաշինկթընի, Պիտի Չկարենայ Դուրս Գալ
ՄՈՀԱՄԵՏ ԱՅՈՒՊ
«Տը Կարտիըն»
Թուրքիա կը դիմագրաւէ թակարդի մը մէջ իյնալու վտանգը, այսինքն` սուրիական ճահիճին մէջ խորունկ մխրճուելու վտանգը: Սահմանին մէկ կողմէն միւսը ռմբակոծումներն ու ինկած զոհերը մռայլ տրամադրութիւններու մէջ դրին երկիրը: Արդէն վերջին ամիսներուն փարատած էր սկզբնական շրջանի այն գրեթէ միաձայն խանդավառութիւնը, որ յառաջացած էր Անգարայի կողմէ սուրիական ընդդիմութեան շնորհուած նեցուկը: Այդ տրամադրութիւնը աստիճանաբար տեղի տուած էր աւելի խոհուն տրամադրութեան մը, որ կը շեշտուէր, երբ այսպիսի միջամտութեան մը վնասակար հետեւանքները յստակ կը դառնային:
Սուրիոյ ժողովրդավարացման շարժումի Թուրքիոյ զօրակցութիւնը թէ՛ սկզբունքային, թէ՛ ալ գործնապաշտ էր: Թուրքիոյ մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը անդրադարձաւ, թէ ժողովրդավարական լիազօրութեամբ ձեռք բերուած իր օրինականութիւնը պիտի տուժէ, եթէ ինք զօրավիգ չկանգնի դրացի երկրի ժողովրդավարացման պահանջին: Բայց Անգարա մանաւանդ հաշուարկներով հաստատեց, որ իր երկար տեւողութեամբ տնտեսական եւ ռազմավարական շահերուն աւելի նպաստաւոր է զօրավիգ կանգնիլ ընդդիմութեան, որ Ծոցի երախտագիտութեան կողքին, յաղթանակի պարագային երախտապարտ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ: Անգարա նաեւ ուզեց պատգամ մը ուղղել Ուաշինկթընի, թէ հակառակ Պաղեստինի եւ Իրանի հիւլէական ծրագիրի հարցերուն գծով իր նախկին կեցուածքներուն, ինք կը մնայ արեւմտեան զօրակայանին մէջ:
Պահ մը թուեցաւ, թէ ամէն բան կ՛ընթանայ Անգարայի ցանկացածին ու ծրագրածին պէս. սակայն ապա դէպքերը տարբեր ընթացք ստացան: Սուրիոյ ժողովրդավարական շարժումը փոխակերպուեցաւ. քաղաքային ընդդիմութիւնը վերածուեցաւ զինեալ ապստամբութեան, որուն շարքերէն ներս զանազան խմբաւորումներ (ներառեալ` սալաֆական ժիհատականներ, զինուած` Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի կողմէ), անգութ վայրագութիւններով հազարաւոր զոհեր կը պատճառեն: Նաեւ ի յայտ եկաւ, որ Թուրքիա, այլ ուժերու պէս, շատ ստորագնահատած էին Ասատի վարչակարգին ներուժն ու տոկունութիւնը, նաեւ` անոր պատրաստակամութիւնը, իշխանութենէն հեզասահ հեռացումի փոխարէն, դիմադրելու եւ անիշխանական խառնաշփոթութիւն պատճառելու:
Թուրքիա նաեւ անդրադարձաւ, որ ներգրաւուած է շրջանային պաղ պատերազմի մը մէջ, ուր տարաբանօրէն Սուրիոյ «ժողովրդավարական ընդդիմութեան գլխաւոր զօրավիգը հանդիսացած Սէուտական Արաբիան կը հակադրուի Ասատի անվերապահ դաշնակից Իրանի: Ասիկա կը սպառնայ Թուրքիոյ գլխաւոր ուժանիւթ հայթայթող Իրանի հետ Անգարայի յարաբերութեան:
Բայց գլխաւոր հարցն այն է, որ թուրքերուն համար հետզհետէ յստակացաւ, թէ Սուրիոյ մէջ հակամարտութիւնը ինչպիսի՛ վնասակար հետեւանքներ կ՛ունենայ իրե՛նց ընկերութեան վրայ: Հակաասատական հատուածին Թուրքիոյ ցուցաբերած գործօն զօրակցութիւնը խորացուց իր ընկերութեան մէջ միջդաւանական վիհը (մէկ կողմէ սիւննի մեծամասնութիւն մը, որ զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ առաւելաբար սիւննի ապստամբութեան եւ, միւս կողմէ, ալեւի փոքրամասնութիւն մը, որ կը համակրի Ասատի առաւելաբար ալեւի վարչակարգին: Թուրքիոյ ալեւիները, որոնք ԱԲԿ-ի օրերուն շեշտուած կը տեսնեն սիւննի տիրապետութիւնն ու իրենց անտեսումը, կ՛անդրադառնան, որ Սուրիոյ ալեւիները նոյնպիսի կացութեան մը մատնուելու սպառնալիք կը դիմագրաւեն: Ասիկա մէկ բացատրութիւնն է գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կեցուածքին. այս վերջինս կ՛ապաւինի Թուրքիոյ ալեւի ընտրազանգուածին դէմ է Էրտողանի կառավարութեան ծայրայեղ հակաասատական կեցուածքին:
Թուրքիոյ երկարամեայ քրտական հարցն ալ կը բորբոքի ու կը հրահրուի:
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) կապուած խմբակներ այժմ իրենց հակակշիռին տակ առած են հիւսիսային Սուրիոյ մէկ մասը, որ ապաստան դարձած է ՔԱԿ-ի զինեալներուն, մանաւանդ` իրաքեան քրտական շրջաններէն եկած զինեալներուն: Թուրքիա այս վերջինները վնասազերծելու համար ամբողջ տասնամեակներ աշխատած է եւ միջոցներ յատկացուցած է սիրաշահելու Իրաքի քիւրտերը, եւ այժմ այդ բոլոր ճիգերը մսխուած եւ ապարդիւն դուրս կրնան գալ, եթէ ՔԱԿ համարժէք խարիսխ ձեռք ձգէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ:
Վերջին զարգացումները շատ կիզանուտ կը դարձնեն արդէն իսկ վտանգաւոր կացութիւնը: Հինգշաբթի, 3 հոկտեմբերին, Թուրքիոյ խորհրդարանը թեր քուէարկեց կառավարութեան դիմումին, եւ վերջինին թոյլատուութիւն տուաւ զինուորական գործողութիւններ կատարելու Սուրիոյ մէջ: Թէեւ վարչապետ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդականներէն մին ըսաւ, որ` «Թուրքիա շահ չունի պատերազմի մէջ մտնելէ», Անգարա կը դիմագրաւէ վտանգը` ներգրաւուելու լաւ չմտածուած եւ անկանխատեսելի հետեւանքներով շրջանային հակամարտութեան մը մէջ:
Սուրիական ընդդիմութեան միւս գլխաւոր նեցուկները` Սէուտական Արաբիա եւ Միացեալ Նահանգներ, կը վայելեն պերճանք մը, որմէ զուրկ է Թուրքիա, անոնք կրնան «տուն երթալ» եւ Սուրիան ձգել իր ճակատագրին, եթէ կացութիւնը վատթարանայ եւ դառնայ ամբողջովին խառնաշփոթ: Դժբախտաբար Սուրիոյ դրացի Թուրքիան նոյն առաւելութիւնը չի վայելեր. ուստի անհրաժեշտ է, որ Անգարա շատ զգուշ վերաբերի եւ հիմնովին վերատեսութեան ենթարկէ իր դերակատարութիւնը: Այլապէս սուրիական տաղտուկը կրնայ վերածուլ նաեւ թրքական տաղտուկի:

