«1915-Ի Ցաւը Անցեալին Չի Պատկանիր, Անիկա Այսօր Քննարկուելիք Հարց Է». Եաւուզ Պայտար
«Թուտէյզ Զաման» պարբերականի սիւնակագիր Եաւուզ Պայտար «Հաֆինկթըն Փոսթ»-ին մէջ հրապարակած իր յօդուածով անդրադարձած է հրեայ թուրք գործարար Իշակ Ալաթոնի յուշագրութիւններուն: «Ներողութիւնը, իմ կարծիքով, երկրորդ հանգրուանին ըսելիք բան է: Առաջին հերթին շեշտը պէտք է դրուի այս հասարակութեան` անցեալի մեղքերուն դէմ յանդիման կանգնելու քաջութեան վրայ: Մենք մինչեւ օրս զրկուած ենք ատկէ: Ասիկա վախցած հասարակութիւն է: Ես չեմ ամչնար այս մէկը ըսելէ. մենք կը սնանինք այս վախով եւ մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին վախցած ենք: Մեր իշխող համակարգը հիմնուած է վախի վրայ: Մենք պէտք է փոխենք ատիկա: Իսկ այդ մէկը ընելու միակ ուղին անցեալին հետ առերեսուիլն է», գրած է ան:
«Ալաթոնը, որ հասարակական աշխուժ անդամ է, անվերջօրէն կոչ կ՛ուղղէ` վերջ դնելու արիւնոտ քրտական հակամարտութեան եւ որպէս իմաստուն մարդոցմէ մէկը, որ պատրաստ է հաշտեցման երկխօսութեան մէկ մասը դառնալու, նաեւ քաղաքացիները կը յորդորէ դէմ յանդիման գալու Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին կատարուած յանցագործութիւններուն եւ բարձրաձայնելու կատարուածը», գրած է սիւնակագիրը` աւելցնելով, որ այն հասարակութիւնը, որուն մէկ անդամն է ինք, իր անցեալէն փախուստ տալու լուրջ հարցերու դիմաց կանգնած է:
«Մենք մեզ կը համոզենք, որ եթէ մեր գիտցածը մեր մէջ պահել եւ ջնջել փորձենք, անիկա կը չէզոքանայ: Սակայն անցեալի դիակները, որոնք փտած են այս հողին մէջ, կը թունաւորեն այն օդը, զոր մենք կը շնչենք: Այս առիթով կ՛ուզեմ հարց տալ` արդեօք կարելի՞ է հանգստութիւն գտնել առանց պատմութեան դէմ յանդիման կանգնելու: Ուրեմն, եկէք այդ մէկը ընենք, որպէսզի կարենանք խաղաղութիւն հաստատել», նշած է Պայտար:
Ան նաեւ անդրադարձ կատարած է Ճեմալ փաշայի թոռան` յայտնի սիւնակագիր եւ խմբագիր Հասան Ճեմալի կողմէ վերջերս գրուած «1915. Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագիրով գիրքին: Պայտար գրած է, որ գիրքը նոր բովանդակային շունչ ունի իր մէջ եւ աւելի եզակի եւ նշանաւոր կը դառնայ այն հանգամանքով, որ հեղինակը ինք` Հասան Ճեմալն է: Սիւնակագիրը իր գրութեան մէջ շեշտը դրած է հայոց մեծագոյն ողբերգութեան` Հայոց ցեղասպանութեան մէջ Ճեմալ փաշային ունեցած հիմնական դերակատարութեան վրայ:
«Հասան Ճեմալը իր կարգին, ի դէպ, գիրքին մէջ կը նշէ, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր: Գիրքին մէջ ան չի շրջանցեր կամ չի խուսափիր այս բառէն, ինչպէս` շատ մը պատմաբաններ: Անոր աշխատութեան մէկ մասը ճամբորդութիւն է, որ ընթերցողը կը տանի դէպի ցաւալի անցեալ: Ան այս մէկը նկարագրած է այլ գիրքերու մէջ եւս, սակայն այս մէկը շատ աւելին է», նշած է թուրք սիւնակագիրը` մէջբերելով Հասան Ճեմալի` մամուլին տուած հարցազրոյցէն հատուած մը. «Հրանդ Տինքի ցաւն էր, որ ստիպեց զիս այս գիրքը գրելու: Տինքը մեր բոլորին համար սիրելի եւ յարգելի գործընկեր էր»:
Եաւուզ Պայտար նիւթը եզրափակելով` մէջբերում կը կատարէ Հասան Ճեմալի գիրքի նախաբանէն, ուր ան գրած է. «Մենք չենք կրնար լուռ մնալ անցեալի դառն ճշմարտութիւններուն դիմաց: Չենք կրնար թոյլ տալ, որ անցեալը ներկայի գերին ըլլայ: 1915-ի ցաւը չի պատկանիր անցեալին, անիկա այսօր քննարկուելիք հարց է: Կրնանք խաղաղութեան հասնիլ միայն պատմութեան ճշմարտութեամբ, եւ ոչ թէ` յօրինուած կամ խեղաթիւրուած պատմութեամբ, ինչպիսին է մերը»: Սիւնակագիրը կ՛աւարտէ հետեւեալ ձեւով. «Պետութիւնը ոչ միայն պէտք է ներողութիւն խնդրէ կատարուածին համար, այլ ներողութիւն պէտք է խնդրել նաեւ տարիներ շարունակ յանցանքը հերքելու համար»:


