Ճատրակ. Կրան Շլեմի «Մասթըրզ»-ի Մրցաշարք. Արոնեան Հանդիսացաւ Երրորդ
Պիլպաոյի մէջ (Սպանիա) աւարտած ճատրակի կրան շլեմի «Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքի 10-րդ եւ վերջին հանգրուանին իր կատարած մրցումին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի հետ:
Նախքան այս հանգրուանը, նոյնիսկ յաղթանակի մը պարագային Արոնեան ոչ մէկ յոյս ունէր տիտղոսին տիրանալու, որովհետեւ ունէր 10 կէտ, մինչ երկու այլ ուրիշներ` 16-ական կէտ:
Նկատի ունենալով, որ վերջին հանգրուանի երեք հանդիպումներն ալ աւարտեցան հաւասարութեամբ, Քարլսըն եւ իտալացի Ֆապիանօ Քարուանա ունեցան 17-ական կէտ:
Ատիկա պատճառ դարձաւ, որ անոնք իրարու դէմ փլէյ-օֆի մրցում կատարեն: Քարլսըն տիրացաւ տիտղոսին` 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք:
Ստորեւ` վերջնական դասաւորումը.
Յ. Հ. Պ. ԿԷՏ
1.- Քարլսըն 4 5 1 17
2.- Քարուանա 4 5 1 17
3.- Արոնեան 1 8 1 11
4.- Քարժաքին 1 7 2 10
5.- Անանտ 0 9 1 9
6.- Վալեխօ 0 6 4 6

