ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան Ներկայ` Նաեւ Հայաստանի Մէջ

Լեւոն Թաշճեան

Կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2012-ին Երեւանի հիմնադրութեան տարեդարձն էր: Ամբողջ հայութեան մայրաքաղաք Երեւանը դարձաւ 2794 տարեկան: Հին Էրեբունին երիտասարդ Երեւանը դարձած է:

Երեւանի քաղաքապետարանը կազմակերպած էր զանազան նախաձեռնութիւններ: Բոլոր շրջանները զարդարուած էին դրօշներով ու եռագոյններով: Ժողովուրդը մեծ սիրով կը մասնակցէր իր սրտի մայրաքաղաքի տարեդարձին:

Հանդիսութիւններուն մասնակցեցան զինուորական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց կ՛ընկերակցէին փողերախումբեր: Զանազան շրջաններու մէջ տեղի ունեցան 26 ձեռնարկներ` արուեստի ցուցահանդէս, կրկէս, երգահանդէս եւ այլն: Կար նաեւ մարզական բաժին` հեծելարշաւ` քոնկ ֆու եւ վազք: Լիբանանէն ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան մասնակցեցաւ այս ձեռնարկին:

Հազարաւոր երկսեռ մարզիկներ մասնակցեցան այս 2794 մեթր երկարութեամբ վազքին` ցոյց տալու համար իրենց սէրը դէպի իրենց սրտի մայրաքաղաքը: Երեւանի աթլեթիզմի ներկայացուցիչ Արամ Բաղրամեանը, իբրեւ վեթերան Լեւոն Թաշճեանին յանձնեց եռագոյն դրօշը, որ առաջնորդէ այս վազքը: Ժամը 3:30-ին վազքը սկսաւ: Լեւոն Թաշճեան` դրօշը պարզած, մարզիկներուն հետ վազքը սկսաւ Յաղթանակի կամուրջին վրայէն: Երկսեռ մարզիկները Լեւոն Թաշճեանի հետ անցան Մաշտոցի պողոտայէն` 2794 մեթր երկարութեամբ վազքը աւարտելու համար Մատենադարանին դիմաց:

Ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը կը քաջալերէր մարզիկները, որոնք հագած էին Երեւան` սրտի մայրաքաղաքը խորհրդանշող շապիկներ: Վազքը աւարտող մարզիկները իբրեւ պարգեւ ստացան Երեւանի տարեդարձը խորհրդանշող կրծքանշաններ: 2794-ամեայ Երեւանի տարեդարձը աւարտեցաւ կալա համերգով ու հրավառութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES