Թենիս. Անի Ամիրաղեան` 487-րդ Դիրքին Վրայ

Երէկ` երկուշաբթի, 15 հոկտեմբերին, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Անի Ամիրաղեան յաջողեցաւ դարձեալ մուտք գործել առաջին 500-ին մէջ, երբ գրաւեց 487-րդ դիրքը:

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը լուրը հաղորդելով կ՛աւելցնէ, որ նախապէս Անիի գրաւած լաւագոյն դիրքը եղած է 449-րդը:

Նշենք, որ Հայաստանի ներկայացուցիչին աղջկանց դասաւորման մէջ այս դիրքը գրաւելը հետեւանք է նախորդ ամիս Պաթումի մէջ անոր տիրացած տիտղոսին:

Share this Article
CATEGORIES