Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցչաց Համագումար Եւ Վերամուտի Սուրբ Պատարագ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, վերամուտի նախօրեակին Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինը դարձեալ կազմակերպեց ուսուցչաց եռօրեայ աշխատանքային համագումար մը ուրբաթ, 12, շաբաթ, 13 եւ կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2012-ին, Ամշիթի Լահֆեթ շրջանին մէջ:

Սոյն համագումարին մասնակցեցան Լիբանանի թեմին մէջ գործող կիրակնօրեայ դպրոցներու աւելի քան 50 տեսուչներ եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:

Ուրբաթ երեկոյեան համագումարին բացումը կատարուեցաւ աղօթքով, ապա բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Քահանայ հայրը գնահատեց բոլոր ներկայ եւ բացակայ ուսուցիչները, ապա անդրադարձաւ համագումարի նիւթին, որ  «Վերանորոգենք մեր հոգիները Քրիստոսի պատգամներով»-ն էր: Քահանայ հայրը հրաւիրեց ներկաները վերանորոգուելու` մէջբերելով Պօղոս առաքեալին Բ. Կորնթացիներուն ուղղած խօսքը, որ կ՛ըսէ «Քննեցէք դուք ձեզ, տեսնելու համար, թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնաք: Փորձեցէք դուք ձեզ. Քրիստոսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին թէ պարզապէս անունը կը կրէք»: «Քննութեամբ պէտք է վերանորոգուիլ, հոգիները վերանորոգել` լաւապէս շարունակելու համար ծառայութեան առաքելութիւնը», ըսաւ Սարգիս քահանայ:

Ս. Գիրքի սերտողութիւն կատարեց վարիչ մարմինի անդամ Ժանին Մարգարեան` նիւթ առնելով Մատթէոս  5-րդ գլուխին 13-16 համարները` «Երկրին աղը եւ աշխարհին լոյսը»: Ապա տեղի ուենցաւ Ս. Գրային զարգացման մրցում:

Շաբաթ առաւօտ ուսուցիչները իրենց օրը սկսան առաւօտեան ժամերգութեամբ, ապա կատարուեցաւ Ս. Գիրքի Բ. Սերտողութիւնը, որ կատարեց Սիլվա Իփրաճեան` նիւթ առնելով Պետրոսի ընդհանրական նամակէն Ա. Գլուխին 1-14 համարները: Ա. Դասախօսութիւնը ներկայացուց Ալեքս սրկ. Աշճեան` խօսելով  «Ապրիլ եւ վկայել քրիստոնէական կեանքը» վերնագիրով նիւթին մասին: Յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Բ. դասախօսութիւնը, որ ներկայացուց Ժանին Մարգարեան` նիւթ ունենալով «Քրիստոնէական դաստիարակութեան ուսուցումը», ապա կատարուեցաւ ընդհանուր ժողով, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր տեսուչ ներկայացուց տարեկան տեղեկագիրը եւ կատարուեցան նախորդ տարուան աշխատանքներուն մասին քննարկումներ, որմէ ետք կատարուեցաւ կիրակնամտից ժամերգութիւն` մասնակցութեամբ բոլոր անդամներուն:

Կիրակի առաւօտ կանուխ ուսուցիչները կատարեցին հրաժարումի աղօթքը, հոգեպէս պատրաստուեցան մասնակից ըլլալու վերամուտի սուրբ պատարագին, որ տեղի ունեցաւ Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագի ընթացքին ուսուցիչները ստացան սուրբ հաղորդութիւն, ապա պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգիստ կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ ծառայած եւ բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար:

Պատարագէն անմիջապէս ետք ուսուցիչները իրենց պատասխանատուներով եղան կէսօրուան ճաշի հիւրը եկեղեցւոյ հովիւին, թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբին, որոնք մեծ ուրախութեամբ ամբողջ կազմով ներկայ գտնուեցան կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներուն հետ: Սիրոյ սեղանին շուրջ կատարուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն աւարտին ուսուցիչներու կողմէ յատուկ շնորհակալական խօսք արտասանեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ճաշի ընթացքին եկեղեցւոյ կողմէ խօսք արտասանեցին թաղականութեան ատենապետ Յարութիւն Կերկերեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան, որ իր կարգին յաջողութիւն մաղթեց ուսուցիչներուն` յառաջիկայ տարուան աշխատանքին համար: Համագումարի փակումը կատարուեցաւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու մաղթերգով:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES