Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքին Եւ Հնդկաստանի Կաթողիկոսին Ներկայացուցիչները
Երկուշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան, վեհարանի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Զագգա Ա. պատրիարքին ներկայացուցիչ մետրոպոլիտ Ժորժ Սալիպան, ինչպէս նաեւ Մալապարի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Պասելիոս Մարթոմա Փաուլոս Բ.-ի ներկայացուցիչ գերպ. Գ. Մ. Ճորճը: Միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող սոյն հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանը:
Ներկայ հոգեւորականները նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետին փոխանցեցին պատրիարքներուն եղբայրական ողջոյնները: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս եկեղեցիներու ներկայ կեանքը յուզող միջեկեղեցական եւ միջկրօնական հարցեր ու մասնաւորաբար արեւելեան ոչ քաղկեդոնական ընտանիքներուն հետ աղերս ունեցող խնդիրներ: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց ուղղափառ ընտանիքին մէջ ներքին միասնականութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը` գործակցութեան առաւել կազմակերպումով ու ծաւալումով` հակառակ գոյութիւն ունեցող ներքին զգայնութիւններուն ու դժուարութիւններուն:
«Մեր համայնքները շրջապատուած են այնպիսի խոչընդոտներով եւ մարտահրաւէրներով, որոնց դիմաց եկեղեցիներու գործակցութիւնը աւելի հրամայական է», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:
Խորհրդակցական հանդիպումէն ետք ներկաները ընթրիքի հիւրը եղան վեհափառ հայրապետին:

