Մուսթաքպալ Պլոքին Համաձայն «Այուպ» Օդանաւը Լիբանանեան Գերիշխանութեան Խախտում Կը Նկատուի
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք երեսփոխան Խտըր Հապիպ կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան օդային սահմաններուն խախտումը եւ Իսրայէլի վերեւ գործուող թռիչքները կրնան վտանգի ենթարկել Լիբանանն ու լիբանանցիները:
Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ Հըզպալլայի կողմէ առանց օդաչուի «Այուպ» հետախուզական օդանաւը Լիբանանի գերիշխանութիւնը խախտելու գագաթնակէտը կը նկատուի:
«Հըզպալլայի քայլերն ու վարուելակերպը կը սպառնան երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը քննարկելու բոլոր ջանքերուն», ըսաւ Հապիպ:
CATEGORIES Լիբանանեան

