Շարպել Փլամպլիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Փլամպլի եւ Շարպել

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` ապահովական զարգացումները, ինչպէս նաեւ Ռումիէի բանտին վերաշինութեան անհրաժեշտութիւնը եւ դատավարութիւնները արագացնելու կարեւորութիւնը:

Ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Շարպել-Փլամպլի հանդիպումին շեշտուած է, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը կայուն է` նկատի ունենալով շրջանային իրադարձութիւնները: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ հանդիպումին ընդգծուած է 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES