Քրտինք
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Քրտինքը կ՛արտադրուի ենթամորթին մէջ` քրտնաբեր գեղձերու կողմէ եւ կ՛արտաթորուի մորթէն դուրս` դէպի մորթին մակերեսը: Քրտնաբեր գեղձերը կը ղեկավարուին ինքնագործ ջղային դրութեան կողմէ: Քրտինքը կազմուած է ջուրէ, որ կը պարունակէ որոշ քանակութեամբ աղ: Քրտինքի միջոցով մարմնի ջուրին կորուստը կը կոչուի «գիտակցական-զգալական կորուստ»: Այս գիտակցական կորուստէն անկախ, մարմինը շարունակ եւ անգիտակցաբար ջուր կը կորսնցնէ հիմնականօրէն մարմնի մակերեսէն` մորթէն մօտաւորապէս ժամական 50 մլ: Այս կորուստը կը կոչուի «անգիտակցական-անզգալական կորուստ»:
Ուրեմն քրտինքը, ինչպէս որ ըսուեցաւ նախապէս, կ՛արտադրուի շարունակ, որոշ քանակութեամբ մը: Սակայն մթնոլորտային ջերմութեան բարձրացումով եւ մարմնական աշխատանքով քրտինքին արտադրութիւնը եւ արտաթորումը կը բազմապատկուի, որ կրնայ մտահոգիչ դառնալ:
Քրտինքի միջոցով մարմնի ջուրի կորուստը կը նպաստէ մարմնի ջերմականոնաւորման: Քրտինքով տեղի կ՛ունենայ մարմնի ջերմատուութիւնը, այլ խօսքով` ջերմի կորուստ, որ կ՛իրականանայ մորթի մակերեսէն քրտինքի շոգիացումով: Այլ խօսքով մարմինը կը զովանայ եւ մարմնին ջերմաստիճանը կը նուազի:
Քրտնաբեր գեղձերը ուղեղին հրամանով գործի կը լծուին եւ կը սկսին առատ քրտինք արտադրել, երբ մարմինը ջերմատուութեան պահանջ ունենայ:
Անապատի տաք եւ չոր օդի պարագային, ենթամորթին մէջ գտնուղ քրտնաբեր գեղձերը առատ քրտինք կ՛արտադրեն, արտաթոռուած քրտինքը մարմնի մակերեսէն կը շոգիանայ եւ տեղի կ՛ունենայ ջերմատուութիւն:.
Ցուրտ եղանակներուն քրտնաբեր գեղձերը նուազ քրտինք կ՛արտադրեն եւ, հետեւաբար, մարմնի ջուրի ու ջերմի կորուստ չի պատահիր:
Քրտինքի արտադրութեան քանակը կը տարուբերի զանազան պայմաններու բերումով:
Հոս կ՛ուզեմ արձանագրել անապատի 100 ֆարենհայթ աստիճան տաքութեան ենթակայ ըլլալով եւ տարբեր պայմաններու բերումով քրտինքի արտադրութեան աստիճանական նուազումը` առաւելագոյնէն-նուազագոյնը.
1. Առաւելագոյն` Մերկ արեւու տակ քալել,
2. Հագուստով քալել արեւու տակ եւ շալկելով 15 քկ ծանրութիւն,
3. Հագուստով քալել արեւու տակ,
4. Արեւու տակ մերկ նստիլ,
5. Արեւու տակ հանգուստով գետին պառկիլ,
6. Հագուստով քալել գիշեր ատեն,
7. Հագուստով նստիլ արեւու տակ,
8. Հագուստով նստիլ շուքին,
9. Նուազագոյն` Հագուստով նստիլ գիշեր ատեն.
Քրտնաբեր գեղձերը երկու տեսակ են.
Ա. Քրտնաբեր գեղձեր, որոնք կը գտնուին ամբողջ մարմնի մակերեսին վրայ:
Բ. Քրտնաբեր գեղձեր, որոնք կը գտնուին մարմնի որոշ վայրերու մէջ միայն:
Ա. Քրտնաբեր գեղձեր, որոնք կը գտնուին ամբողջ մարմնի մակերեսին վրայ:
Այս գեղձերը կը գործեն ծնունդէն անմիջապէս ետք եւ կ՛արտադրեն քրտինք, որ ամբողջութեամբ կազմուած է անհոտ ջուրէ: Այս քրտնաբեր գեղձերն են, որ ունին շատ կարեւոր դերակատարութիւն մարմնի ջերմութեան կարգաւորման աշխատանքին մէջ, մանաւանդ` մթնոլորտային բարձր ջերմութեան մէջ եւ ծանր մարզանքի ընթացքին:
Քրտնաբեր գեղձերու այս խմբաւորումը կը յայտնուի հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով.
ա.Գերքրտնութիւն.
բ.Սակաւաքրտնութիւն.
գ.Քրտնախաշ.
ա.Գերքրտնութիւն.
Այս պարագան կը յատկանշուի բնականէն աւելի քրտինքի արտադրութեամբ: Գերքրտնութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւերով.
1. Տեղայնական գերքրտնութիւն, որ կը տեսնուի մարմնի որոշ բաժիններուն վրայ, մասնաւորաբար` ափերուն, անութներուն եւ ներբաններու վրայ: Ան առաւելաբար կը պատահի ճնշուածութենէ, յուզական եւ զգացական խանգարումներէ եւ վախէ տառապող անհատներու մօտ:
Շրթունքներու եւ բերնի շուրջը պատահած գերքրտնութիւնը կը կոչուի «քիմքային գերքրտնութիւն»: Անիկա կը պատահի համեմներով հարուստ եւ տաք կերակուրներ ուտելու ընթացքին:
2. Համայնական գերքրտնութիւն, որ կը տեսնուի ամբողջ մարմնին վրայ եւ կը պատահի առանց գերաշխատանքի եւ մարզանքի: Անոր բուն ախտապատճառը տակաւին յստակ չէ: Սակայն հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթները նկատուած են որպէս հաւանական ախտապատճառներ` խլիրդ, մարմնական բորբոքումներ, գերվահանագեղձութիւն, շաքարի նուազում, մակուղեղի գերաշխատանք, յղութիւն, դաշտանադադար, աւշագեղձերու ուռ, սպիտակարիւնութիւն, սրտի ներքին պատեանի բորբոքում եւ կարգ մը դեղեր:.
Համայնական գերքրտնութիւնը կը դարմանուի հետեւեալ միջոցառումներով.
1. Հիմնական հիւանդութեան դարմանում, ախտաճանուչումը տեղի ունենալէ ետք.
2. Քրտնաբեր գեղձերու վիրահատում,
3. Կիրարկել կողմնակի եւ երկրորդական դարմանամիջոցներ` յաճախակի պաղ ջուրով լոգանք, յատուկ օծանելիքներու գործածութիւն, տաք միջավայրէ հեռու մնալ, զովացուցիչ կազմածներու գործածութիւն:
բ.Սակաւաքրտնութիւն.
Այս պարագային քրտնաբեր գեղձերը բնականէն պակաս քրտինք կ՛արտադրեն: Այս երեւոյթը ընդհանրապէս տեղայնական է , այսինքն անիկա մարմնի մէկ բաժինին մէջ կը պատահի: Սակաւաքրտնութեան դրդապատճառներն են.
1.Տեղայնական մորթի վնաս-հարուած.
2.Շողարձակում,
3.Գեղձերու հիւծում, որ կը պատահի մորթային կարգ մը հիւանդութիւներու պարագային` պնդամորթութիւն,
4.Որոշ դեղերու գործածութիւն,
5.Շաքարախտաւորներու մօտ ջղախտութեան զարգացումով.
գ. Քրտնախաշ.
Քրտնախաշի պարագային քրտինք կ՛արտադրուի, բայց քրտինքին հոսքը դէպի մարմնի մակերեսը տեղի չ՛ունենար քրտնաբեր գեղձերու խողովակներուն խցումով եւ ան կը մնայ մորթին մէջ: Այս հիւանդութիւնը կը յատկանշուի մորթային փշտիկներու յայտնաբերումով, որ կը յառաջանայ առաւելաբար տաք եւ խոնաւ միջավայրի մէջ ապրելով եւ կամ` հաստ հագուստներ հագնելով:
Քրտնախաշի դարմանումը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ միջոցառումներով.
1. Հեռու մնալ տաք միջավայրերէ,
2. Զով պահել մորթը, զովացուցիչ կազմածներ գործածել.
3. Յաճախակի լոգանք` պաղ ջուրով,
4. Լոգանքէ ետք լաւ չորցնել մարմինը,5. Խուսափիլ աւելորդ քրտինքէ,
Բ. Քրտնաբեր գեղձեր, որոնք կը գտնուին մարմնի որոշ վայրերու մէջ միայն:
Այս վայրերն են` անութները, կրծքապտուկներու շրջապատը, սեռային արտաքին օրկանները եւ ականջացնցուղները: Քրտնաբեր գեղձերը այս վարերուն մէջ կ՛աշխուժանան եւ կը սկսին գործելու արբունքի շրջանին ու կ՛արտադրեն իւղոտ, կպչուն, թանձր եւ բուրող քրտինք: Կը կարծուի, որ այս հեղուկին հոտը սեռային գրգռութիւն կը յառաջացնէ:
Քրտնաբեր գեղձերու այս խմբաւորումը կը յայտնուի երկու հիւանդագին երեւոյթներով`
ա. Bromhidrosis կոչուած հիւանդութեամբ.
Այս հիւանդութեան պարագային ենթական կ՛ունենայ անբնական մորթի հոտ, որ հետեւանքն է քրտնաբեր գեղձերու արտադրութեան կազմալուծումին եւ բորբոքումին` կարգ մը ցպիկներու ներկայութեամբ:
բ. Hidradenitis կոչուած հիւանդութեամբ.
Անիկա քրտնաբեր գեղձերու թարախոտ եւ երկարատեւ բորբոքումն է, որ կը յատկանշուի ցաւով, անհաճոյ հոտով եւ մորթի մակերեսին վրայ յայտնուած թարախոտ եւ ուռած փշտիկներով:
Այս երկու հիւանդութիւնները կը դարմանուին հակամանրէական դեղերով:

