Գաղութէ-Գաղութ

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար
Հրանուշ
Յակոբեանի
Պաշտօնական
Այցելութիւնները

Թեհրան

* Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Թեհրան կատարած այցելութիւններու ծիրին մէջ ան Թեհրանի առաջին հայկական Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, իր մասնակցութիւնը բերաւ սուրբ պատարագին: Այնուհետեւ այցելեց «Էլպիս Ֆերեհեան» մանկապարտէզ եւ ծանօթացաւ աշխատանքներուն:

«Ալիք» օրաթերթի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի  ընթացքին նախարարը ծանօթացաւ խմբագրութեան եւ տպարանի  գործունէութեան: Ան արժեւորեց թերթին գործունէութիւնը` իբրեւ հայապահպանութեան ու ազգային գիտակցութեան կարեւորագոյն գործօն:

Ազգային առաջնորդարան կատարած իր այցելութեան ընթացքին նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց իր այցելութեան գծով` կարեւոր նկատելով Իրան-Հայաստան բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները: Ան ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան ծաւալած աշխատանքները` կարեւոր նկատելով սփիւռքի դերն ու գիտական, մասնագիտական ներուժի պատշաճ օգտագործումը: Հանդիպումի աւարտին  նախարարը ոսկիէ մետալով պարգեւատրեց  Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, Իրանի խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեանի պատուոյ գիր յանձնեց պատգամաւոր Ռոպերթ Պեգլարեանի, Ուիլիըմ Սարոյեանի անուան մետալով պարգեւատրեց Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Գէորգ Աբուլեանը, Արշիլ Կորքիի անուան մետալով` Թեհրանի հայոց թեմական խորհուրդի ատենապետ Էդուարդ Բաբախանեանը, իսկ իրանահայ բանաստեղծ Վարանդ Քեշիշեանի յանձնեց  Հայաստանի նախագահի կողմէ տրուած  Մովսէս Խորենացիի անուան  շքանշանը:

Նախարար Յակոբեան ընդունեց նաեւ Իրանի մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարար Մոհամետ Հուսէյնի այցելութիւնը:

Նոր Ջուղայ

* 1 հոկտեմբերին  սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Նոր Ջուղա, ուր տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն: Նախարարը ընդգծեց  անկախութեան 21 տարիներուն ընթացքին յաղթահարուած շարք մը դժուարութիւնները եւ ձեռքբերումները:

Աւարտին նախարարը  ոսկիէ մետալներով պարգեւատրեց  Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանը եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ  Նոէլ Մինասեանը: Ան նաեւ պատուոյ գիրեր շնորհեց  Պատգամաւորական ժողովի  դիւանի եւ Կրօնական խորհուրդի ատենապետ  Աշոտ Դաւթեանի, նաեւ Արշալոյս Խիւտավերտեանի, իսկ Ուիլիըմ Սարոյեանի անուան մետալներով` վաստակաւոր ուսուցիչ  Լեւոն Մինասեանի եւ բանաստեղծ Ազատ Մադաթեանի:

Հայաստանի Անկախութեան 21-րդ
Տարեդարձին
Նուիրուած Ձեռնարկներ

Յունաստան

10 հոկտեմբերին Աթենքի «Ինթըրքոնթինենթըլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 21-րդ տարեդարձին եւ Հայաստանի ու Յունաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին:

Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց անցնող տարիներու երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները` շեշտելով անոնց ամրապնդման կարեւորութիւնը: Դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ յունահայ համայնքի դերին:

Հոլանտա   

Կազմակերպութեամբ Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 5 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 21-րդ տարեդարձին:

Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան անդրադարձաւ անկախութեան 21 տարիներու ընթացքին կատարուած նախաձեռնութիւններուն`  կարեւոր նկատելով   2012 թուականը` իբրեւ հայ գրատպութեան 500-ամեակ, Երեւանը իբրեւ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Հոլանտայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեայ յոբելեանը նշող տարի:

Թուրքմենիստան

10 հոկտեմբերին  Աշխապատի «Փրեզիտընթ» պանդոկի մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 21-րդ եւ  Հայաստանի ու Թուրքմենիստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-րդ տարեդարձին:

Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Պատալեան շնորհաւորելէ ետք զոյգ յոբելեանները անդրադարձաւ հայկական պետականութեան կայացման, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն եւ հայ-թուրքմենական յարաբերութիւններու պատմութեան:

Թուրքմենիստանի փոխվարչապետ, հայ-թուրքմենական միջ-կառավարական տնտեսական համագործակցութեան յանձնախումբի թուրքմենական կողմի համանախագահ Սապարդուրդի Թոյլիեւ խօսք առնելով յիշեցուց երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան պատմական արմատներու, մշակութային դարաւոր կապերու, նոր ժամանակներու մէջ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին:

 

Սուրիա

Հանքաւանի  Ճամբարին Մասնակիցներու
Հանդիպում

Սեպտեմբեր 15-ին, Դամասկոսի  հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ  «Պասմաճեան» սրահին մէջ հաւաքուած էին աւելի քան 120 դամասկահայ պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք ամիս մը առաջ մասնակցած էին  Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կազմակերպած բացառիկ այցելութեան մայր հայրենիք ու երկու շաբաթներու հանգիստի օրեր անցուցած Հանքաւանի «Լուսաբաց» ճամբարին մէջ: Հանդիպումը կազմակերպած էին Հայաստան մեկնող խումբին ընկերակից պատասխանատուները:

Հանքաւանի ճամբարին մասնակիցներուն անունով ողջոյնի, երախտագիտութեան եւ  շնորհակալութեան խօսք արտասանեց Լենա Աբրահամեան, ապա Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան իր սրտի խօսքը ուղղելով պատանիներուն` խնդրեց, որ իւրաքանչիւրը իր սրտին եւ մտքին մէջ ունենայ Հայաստանը, Արարատն ու Մասիսը: Սրբազան հայրը դամասկահայութեան անունով շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, կառավարութեան, սփիւռքի նախարարին եւ մանաւանդ տոքթ. Արշակ Փոլատեանին` նման ծրագիր իրականացնելու առիթով, մանաւանդ այս օրերուն, երբ սուրիահայութիւնը կ՛ապրի տագնապալի օրեր: Այնուհետեւ համացանցային ուղղակի կապի միջոցով «Լուսաբաց» ճամբարի տնօրէն Աշոտ Աւետիսեան իր ջերմ խօսքերը փոխանցեց ներկաներուն ու մանաւանդ պատանիներուն:

 

Վիեննա

Հանդիպում Հայ Ուսանողներու Հետ

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Վիեննայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, աջակցութեամբ Աւստրիոյ Հայ ուսանողական եւ երիտասարդական միութեան, 6 հոկտեմբերին Վիեննայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Աւստրիա ուսանող հայ երիտասարդներու հետ: Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր համալսարաններու մէջ բժշկութիւն, պատմութիւն, երաժշտութիւն, դիւանագիտութիւն, տնտեսագիտութիւն, փիլիսոփայութիւն ուսանող եւ վերապատրաստուող, Աւստրիոյ մէջ բնակող, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Հնդկաստանէն եւ Սլովաքիայէն ժամանած հայ երիտասարդներ:

Ձեռնարկին նպատակն էր դեսպանութեան եւ հայ երիտասարդութեան միջեւ մշտական կապեր եւ համագործակցութիւն հաստատել:

Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան ներկայացուց Վիեննայի մէջ գործող Հայաստանի դեսպանութեան ծրագիրներն ու հարցերը, երկկողմ եւ բազմակողմ գործունէութիւնը, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ վերջին զարգացումները, Հայաստան-սփիւռք եւ դեսպանութիւն-աւստրահայ համայնք յարաբերութիւններու կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը:

 

Չինաստան

Հայ  Նկարիչներու Ցուցահանդէս

Սեպտեմբեր 28-ին Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ապագան եւ ներկան» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, ուր  ներկայացուած էին  աշխարհի 85 երկիրներէ  500 արուեստագէտներու աւելի քան 700 աշխատանքներ:

Հայաստանի մշակոյթը այս օրերուն առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէ: Կազմակերպուեցան 4 յատուկ ցուցահանդէսներ, ինչպէս` «Հայաստանի ժամանակակից կերպարուեստը» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը: Այստեղ ներկայացուած էին 11 արուեստագէտներու 33 ստեղծագործութիւնները: Ցուցադրութեան դրուած էին նաեւ հայազգի 5 արուեստագէտներու աշխատանքները, որոնք կը ներկայացնէին Հայաստանը, Կիպրոսը եւ Լիբանանը:

 

Միացեալ Նահանգներ

ՀԲԸՄ–ի «Արտաւազդ» Թատերախումբը
Վերանուանուեցաւ
«Գրիգոր Սաթամեան» Անունով

Վերջերս,  ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ նոյն թատերախումբի յանձնախումբը կազմակերպած էր գնահատանքի յատուկ ճաշկերոյթ մը` առ ի երախտագիտութիւն տարիներու «Արտաւազդ» թատերախումբին նիւթաբարոյական ձեւով նեցուկ կանգնող բոլոր ազգայիններուն, համակիրներուն ու բարեկամներուն:

Ձեռնարկին ընթացքին  արտասանուեցան սրտի խօսքեր եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աւարտին, յանձնախումբի  ատենապետ Արա Պապայեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ խումբի տարիներու վաստակը, գնահատեց հին ու նոր դերակատարներուն եւ բեմի ետին գործողներուն աշխատանքն ու զոհաբերութիւնը, երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարիներէ ի վեր նիւթապէս նեցուկ կանգնած էին խումբին վերելքին եւ ապա բեմ հրաւիրելով թատերախումբի տարիներու բեմադրիչ-դերասան Գրիգոր Սաթամեանը` անոր յանձնեց փայտի վրայ գծուած Սաթամեանին դիմանկարը, որ ապագային անագապղինձի վրայ իրեն պիտի յանձնուի:

Ապա Սաթամեանի նշանակալի ներդրումին եւ թատերախումբին մեծ վարկ ապահովելուն համար Արա Պապայեան պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ խումբը վերանուանուելով` այսուհետեւ պիտի կոչուի «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբ:

Իր կարգին, բեմադրիչ Սաթամեան  իր սրտի խօսքը ուղղեց այս մեծ պատիւին համար:

Հայ Կանանց Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Հայ կանանց միջազգային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին Օքլընտի Հայաստանեայց Ս. Վարդան եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հայ կիներու իրագործումները տօնախմբելու ձեռնարկ:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յովէլ քհնյ. Օհանեան  կարդաց թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի օրհնութեան եւ շնորհաւորական պատգամը` ուղղուած Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ նոր հաստատուած մասնաճիւղին:

Օրուան  հանդիսավարն էր Սան Ֆրանսիսքօ շրջանի «Քէյ. Թի. Վի. Եու.» պատկերասփիւռի կայանի լուրերու գլխաւոր հաղորդող Կասիա Միքայէլեան:

Ձեռնարկին ընթացքին զանազան բանախօսներ ներկայացուցին հայ կիներու իրագործումները` անցեալին եւ ներկայիս: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Լաս  Վեկասի Ս.  Կարապետ Եկեղեցւոյ
Կառուցման
Աշխատանքը  Ընթացք Առաւ

Վերջերս սկսան Լաս Վեկասի Ս.  Կարապետ  եկեղեցւոյ  կառուցման  աշխատանքները :

Եկեղեցւոյ ծխական  յանձնախումբը   ապահովեց  շինարարութեան բոլոր արտօնագրերը  եւ  ձեռնարկեց   նախկին կառոյցին  փուլ բերման  ու  նորին  կառուցման  աշխատանքին: Աւելի  քան 3 տարի առաջ,  շնորհիւ  բարերար Լերի Պառնզի իշխանական նուիրատուութեան,  կարելի եղած էր ձեռք բերել կալուած մը, որուն վրայ  պիտի կանգնին  Ս.  Կարապետ եկեղեցին ու Հայկական մշակութային կեդրոնը:

Ծխական  յանձնախումբն ու անոր կազմած շինարարական յատուկ  յանձնախումբը մօտէն  կը  հետեւին  շինարարութեան  աշխատանքին`  յուսալով, որ անիկա  իր  լրումին  հասնի  քանի  մը  ամիսէն: Ս. Կարապետ  եկեղեցին խորքին  մէջ  յուշարձան մըն է  Ցեղասպանութեան  նահատակներուն, ինչպէս  նաեւ բարերար Լերի  Պառնզի հանգուցեալ կնոջ, Սեդա Տէր Կարապետեան-Պառնզի, որուն ընտանիքէն անդամներ զոհ գացած են Ցեղասպանութեան:

Ամբողջական  ծրագիրը ունի երկու բաժին.  Ս.  Կարապետ եկեղեցւոյ կողքին կանգնած է Հայ  կեդրոնը, որ պիտի օժտուի  գրադարանով ու  արդիական սարքերով, որոնցմէ  պիտի օգտուին  բոլոր  սերունդները: Կեդրոնը կ՛օգտագործուի  ՀՄԸՄ-ի ու ՀՕՄ-ի Լաս Վեկասի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օժանդակ մարմիններուն կողմէ:

Հայ Գրատպութեան 500-Ամեակին Եւ
Երեւանը
Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաք
Հռչակելուն
Նուիրուած Ձեռնարկներ

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Լոս Անճելըսի մէջ  Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Լոս Անճելըսի Հանրային գրադարանի, 6 հոկտեմբերին Լոս Անճելըսի Հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային երեկոյ` նուիրուած Հայ գրատպութեան 500-ամեակին եւ Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակելուն:

Գրադարանի «Մարք Թէյփր» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Երեւանի պետական մնջախաղի թատրոնը, որ ներկայացուց «Գիրք ծաղկան» բեմադրութիւնը, թատրոնին  գեղարուեստական ղեկավարն է Ժիրայր Դադասեան:

Երեկոն վարեցին Հոլիվուտի յայտնի դերասան Քեն Դաւիթեան եւ «Արփա» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի տնօրէն Ալեքս Քալակնամոս:

 

Պրազիլ

Հայոց Ցեղասպանութեան
100-
րդ Տարելիցի Ձեռնարկները 
Համակարգող
Յանձնախումբի Նիստ

Հոկտեմբեր 8-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած  ձեռնարկները համակարգող Պրազիլի շրջանային կեդրոնական յանձնախումբի նիստը, որ հաստատեց ընթացիկ տարուան սկզբնաւորութեան ձեւաւորուած վարչութեան կազմը, քննարկեց յանձնախումբին դէմ յանդիման եղող հիմնական հարցերն ու նպատակները:

Առաջարկուեցաւ ստեղծել նաեւ օժանդակող յանձնախումբ մը` բաղկացած աւելի քան 20 անդամներէ (իրաւաբաններ, գիտնականներ, մշակոյթի գործիչներ):

Կեդրոնական յանձնախումբին յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբերին:

 Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES