Մտորումներ

ԵՒՆԻԿԷ ՏՕԳՈՒԶԼԵԱՆ-ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Վերամուտի օրերուն յաճախ կը կարդանք հայ դպրոցին, հայեցի դաստիարակութեան, հայեցի կրթութեան, հայերէն նիւթերու դասաւանդման մասին յօդուածներ, որոնք իսկապէս շատ տեղին են եւ յաճախ կը մատնանշեն գաղութին ուսումնական եւ յատկապէս հայագիտական նիւթերու դասաւանդումի դժուարութիւնները:

Վեհափառ հայրապետը հայրապետական պատգամով 2012 տարին հռչակեց «Հայ գիրքի տարի», որ եւ միաժամանակ կը զուգադիպի հայ տպագրութեան 500-ամեակին: Պատգամին մէջ վեհափառը կ՛ըսէ. « …վստահ ենք, որ մեծ խանդավառութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները պիտի ընդառաջեն մեր այս կոչին եւ իրենց ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնեն մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին էութեան հետ շաղախուած ու պատմութեան հետ նոյնացած հայ գիրքին վրայ …»:

Վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամին վերջին բաժինով կոչ կ՛ուղղէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն, Ազգային իշխանութեանց, մեր մշակութային ու կրթական միութիւններուն, ազգային կառոյցներուն, հոգեւոր դասուն, յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու հայ գիրքին, … եւ կը թելադրէ դիմել հետեւեալ քայլերուն.

Ա. Կոչ ուղղել մեր մտաւորականներուն ու գրողներուն` որակ ունեցող եւ ոգի ու պատգամ փոխանցող գիրքեր հրատարակել, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները լայնօրէն ըմբոշխնեն հայ գիրքէն ճառագայթող արժէքները:

Բ. Յատուկ աշխատանք տանիլ, որպէսզի ունեւոր ազգայիններ օգտակար հանդիսանան հայ գիրքի տպագրութեան` մեկենաս դառնալով եւ կամ հրատարակչական հիմնադրամներ հաստատելով:

Գ. Քաջալերել, որ հայ ընտանիքներէն ներս հայ գիրքը դառնայ մնայուն ներկայութիւն` տնային յատուկ գրադարաններ հաստատելով ու ընթերցանութեան յատուկ կարեւորութիւն տալով:

Դ. Գնահատել հրատարակչատուներու կատարած յոյժ կարեւոր աշխատանքը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ մատչելի գիներ ճշդելով եւ գործնական միջոցներու դիմելով` առաւելագոյն չափով տարածեն հայ գիրքը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

Ե. Հետապնդել, որ մեր դպրոցներէն, կազմակերպութեանց ու համայնքային կեդրոններէն, ինչպէս նաեւ հայաշատ թաղամասերէն ներս գրադարաններ հաստատուին, որպէսզի հայ գիրքին հետ հայ մարդուն մտերմութիւնը ըլլայ անմիջական ու մնայուն»:

Կարդալով հայրապետական պատգամը եւս մէկ անգամ, իբրեւ հայ անհատ եւ հետամուտ հայոց լեզուի եւ հայ գիրքի գործածութեան, որոշեցի անհատական նախաձեռնութիւն մը ի գործ դնել` սատար հանդիսանալու հայ աշակերտներուն, գնահատելով հրատարակչատուներու կատարած աշխատանքը, քաջալերելու հայ ընտանիքներէն ներս հայ գիրքը դառնալու մնայուն ներկայութիւն: Այս  իսկ մտահոգութեամբ պատրաստեցի աշխատանքային սերտողութիւն եւ ծրագիր մը ու սկսայ դիմել անհատ բարեկամներու, որպէսզի կարենամ անոնց աջակցութիւնը ունենալ աւելի բարոյական առումով, քան` նիւթական: Անհատներ, որոնք անմիջական կապեր ունին մեր վարժարաններու, ծնողներու եւ աշակերտներու հետ:

Զարմանքս մեծ էր, երբ բացատրուեցաւ ինծի հայ դպրոցներու ներկայ վիճակը, պայմանները, կարգ մը տնօրէններու կողմէ գործնական քաջալերանքի պակասը, նկատառելի թիւով ծնողներու անտարբերութիւնը եւ պոռթկումը, աշակերտներուն անպատասխանատուութիւնը եւ անտարբերութիւնը ՀԱՅ ԳԻՐՔին նկատմամբ: Կը հասկնամ, որ համակարգիչի, համացանցի դար է, սակայն չեմ կրնար հաւատալ եւ ընդունիլ, թէ ինչո՛ւ ուսուցիչներ, կրթական մշակներ, տնօրէններ պիտի չքաջալերեն հայ գիրքը, հայերէն ընթերցանութիւնը: Ինչո՞ւ ծնողներ պիտի գանգատին, երբ կարգը գայ գիրք գնելու, եւ այդ ալ` հայերէն գիրքեր (հակառակ անոր որ հայերէն գիրքերը միշտ ալ մատչելի եղած են): Ինչո՞ւ աշակերտներ դժգոհութիւն պիտի յայտնեն եւ ուսուցիչներ եւ տնօրէններ տեղի պիտի տան: Արդե՞օք, ինչպէս Յակոբ Պալեան կ՛ըսէ, հայ դպրոցները «քննութիւններու յաջողութեան պատրաստող «խանութներ» են», «որոնք դպրոցի աշակերտներու բազմացման եւ ծնողներու անմիջական գոհունակութիւն տալու կը ծառայեն, բայց ոչ` ազգային-հեռանկարային գոհունակութիւն»:

Աւելի՛ն, երբ կը փորձէի հաստատումներ կատարել իմ փորձառութենէս, օրինակ տրուեցաւ կաթողիկոսարանի տարեկան գիրքի ցուցահանդէսէն, թէ ինչպէս աշակերտներ (բացառութիւնները թէ՛ տնօրէններու, թէ՛ աշակերտներու եւ թէ՛ ծնողներու խիստ յարգելի են), ինչպէ՛ս կը մերժեն երթալ եւ կամ ի՛նչ դժգոհութեամբ կ՛երթան, եւ նոյնիսկ իրենց ընկերակցող ուսուցիչներուն իսկ կողմէ եղած գանգատը այն է, թէ` կան աշակերտներ որոնք նոյնիսկ կը մերժեն տաղաւարէն ներս մտնել գէթ գիրքերը դիտելու, եթէ նոյնիսկ պիտի չգնեն, եւ թէ ինչպէ՛ս անոնք բակին մէջ կը շրջին, կը վազվզեն եւ դժուար կ՛ըլլայ զանոնք միատեղ ժողվել վերադարձի համար:

Ականջներուս չհաւատացի. ո՞ւր ենք հասած. եւ տակաւին հպարտ ենք, որ հայկական վարժարաններ կը պահենք, հակառակ անոր որ վերջին տարիներուն եւ յատկապէս վերի դասարաններու մէջ հայագիտական նիւթերու դասաւանդման պահերը տեղի տուած են պետական քննութեանց նիւթերու առաջ:

Արդե՞օք այս բոլորին համար պատասխանատու պիտի փնտռել: Ո՛վ է պատասխանատու աշակերտներուն այս անպատասխանատու եւ անտարբեր կեցուածքին: Պէ՛տք է փնտռել` սկսելով մեր մանկապարտէզներէն, նախակրթարաններէն: Որքանո՞վ մենք կը փորձենք սիրցնել հայ լեզուն, հայոց պատմութիւնը, կրօնը եւ անոնց հետ ընթացող հայագիտական նիւթերը: Ո՞ւր են մեր ծնողները, ուսուցիչները, հոգեւոր թէ ազգային առաջնորդները: Ի՞նչ կ՛ընենք, ո՞ւր կ՛երթանք: Ո՞ւր պիտի հասնինք քանի մը տարի վերջ:

Օտար լեզուն եւ օտար լեզուով գիտութիւնները իրենց տեղը ունին, սակայն մայրենիին գործածութիւնը` խօսիլ, կարդալ, գրել, անհրաժեշտ է երեխային մէջ փոքր տարիքէն սերմանել` սկսելով տունէն, հասնելով դպրոց, ակումբ, եկեղեցի: Սպառնացող վտանգը ահռելի է եւ կործանարար: Ժամանակն է զգաստանալու:

15 հոկտեմբեր 2012, Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES