Մքարի Ընդունեց Թուրքիոյ Դեսպանը

Մքարի եւ Էօզեըլտըզ

Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային կացութիւնն ու շրջանին ու Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք հետեւանքները:

Հանդիպումին ընթացքին Մքարի դրուատեց Սուրիոյ կողմէ գործուած ոտնձգութիւններուն դէմ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ազգային յանդուգն կեցուածքները:

«Երանի Լիբանանի կառավարութիւնը իր կարգին դասեր քաղէ Սուրիոյ ոտնձգութիւններուն նկատմամբ Թուրքիոյ կառավարութեան որդեգրած կեցուածքներէն», ըսաւ Մքարի:

 

Share this Article
CATEGORIES