Պըրրի. «Կը Զօրակցինք Ընտրական Որեւէ Օրէնքի, Որ Կը Գոհացնէ Բոլորը»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ չորեքշաբթի օրուան հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու ընտրական օրէնքին առնչուող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ կը գոհացնէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը եւ կը համապատասխանէ Թաէֆի համաձայնագիրին:
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ իր ունեցած նախանցեալ օրուան հանդիպումին քննարկած է Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ ընդգծած անոնց նկատմամբ չէզոք կեցուածքի որդեգրումը:
Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութեան սկիզբին մասին Պըրրի հաստատեց, որ բանակն է, որ կ՛որոշէ, թէ ե՛րբ պիտի սկսի ապահովական իր գործողութիւններուն գործադրութեան:

