Բանակը Կը Սկսի Պեքաայի Մէջ Ապահովական Ծրագիրի Գործադրութեան
Բանակը երէկ Պեքաայի մէջ սկսաւ գործադրել ապահովական իր ծրագիրը, որուն ընթացքին ձերբակալեց վեց յանցագործներ:
Երէկ առաւօտեան բանակայիններ ներխուժումներ կատարեցին հիմնական չորս շրջաններու մէջ, որոնք են` Շարաուինա, Պրիթել, Տար Ուեսհա եւ Հորթաալա:
Շարաուինայի մէջ բանակը 24 բնակարան խուզարկեց, իսկ Տար Ուեսհայի մէջ` 20 բնակարան:
Կը նախատեսուի, որ բանակը ապահովական իր ծրագիրին գործադրութիւնը շարունակէ յառաջիկայ օրերուն եւս, որպէսզի այդ շրջաններուն մէջ գտնուող բոլոր յանցագործները ձերբակալէ եւ շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւն պարտադրէ ու զայն բանակին հակակշիռին տակ առնէ:
CATEGORIES Լիբանանեան


