«Արմենիա» Ներում Կը Հայցէ Հայաստան – Իտալիա Մրցումին Համար

Երէկ` չորեքշաբթի, 17 հոկտեմբերին, «Փան-Արմենիան Մետիա Կրուփ» ընկերութեան ղեկավարութիւնը յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը (աղբիւրը` Armsport.am-էն).

«Սիրելի՛ հանդիսատեսներ, յատկապէս` ֆութպոլասէրներ.

«Փան-Արմենիան Մետիա Կրուփ» ընկերութեան ղեկավարութիւնը ձեր ներողամտութիւնը կը հայցէ «Արմենիա Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակիօրէն չկարենալ սփռելուն համար Հայաստան – Իտալիա մրցումը, որ կ՛իյնայ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Այդ մէկը հետեւանք է թեքնիք սխալներու:

«Ասիկա բնականաբար դժգոհութեան մեծ ալիք մը բարձրացուց մեր ֆութպոլասէրներուն մօտ:

«Սակայն կու գանք ըսելու, որ խիստ քայլերու դիմելով, պատժեցինք պատասխանատուները, իսկ յանցաւորները գործէ արձակեցինք:

«Կիրարկուած եւ սահմանուած են այն բոլոր կարելի միջոցները, որպէսզի յառաջիկային այսպիսի իրականութիւններու դէմ յանդիման չգտնենք մենք զմեզ:

«Մենք կը հասկնանք ձեր վրդովմունքը եւ աւելին` այդ զգացումը կը կիսենք ձեզի հետ:

«Յառաջիկային, յոյսով ենք, որ կ՛արժանանաք ձեր բոլորին գոհունակութեան:

«Շնորհակալութիւն, որ մեզի հետ էք»:

ՎԱԶՐԻԿ ՍԵԿՈՅԵԱՆ
Նախագահ եւ գլխաւոր տնօրէն`
«Փան-Արմենիան Մետիա Կրուփ»-ի

Share this Article
CATEGORIES