Պէյրութի Մարաթոնի Միութիւնը Պատուեց Լիբանանի Սկաուտներու Ֆետերասիոնը
Իր մօտ համախմբելով Լիբանանի սկաուտներու ֆետերասիոնը` Պէյրութի մարաթոնի միութիւնը պատուեց նորընտիր այս ֆետերասիոնը, որ ընտրուած էր վերջերս` իրեն նախագահ ունենալով Նեպիլ Պայտունը:
Եարզէի մէջ տեղի ունեցած այս հանդիսութեան ընթացքին խօսք առնելով` մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ շեշտեց սկաուտներուն կարեւոր դերը` այս Մարաթոնին, մանաւանդ անոր կայացման ընթացքին անոնց ստանձնելիք քիչ մը դժուար առաքելութեան համար:
Ապա խօսք առնելով Պայտուն բարձր գնահատեց Մէյ Խալիլի տարած այս դժուարին աշխատանքը, որ այս Մարաթոնին ընթացքին կը յաջողի ի մի խմբել Լիբանանի
բոլոր մարզասէրները:
Նշենք, որ շաբաթ մը առաջ Մարաթոնի միութիւնը պատուած էր նաեւ Լիբանանի մարզական լրագրողները:
CATEGORIES Մարզական

