Պարաքեթ Պատուեց Ասիական Ֆետերասիոններուն Պատասխանատուները

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Պարաքեթ «Հալապի» ճաշարանին մէջ (Անթիլիաս) պատուեց Ասիոյ եւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոններուն պատասխանատուները, որոնք ներկայիս կը գտնուին Լիբանան` նկատի ունենալով, որ այժմ տեղի կ՛ունենայ Ասիոյ ակումբներու 23-րդ ախոյեանութիւնը:

Ներկայ գտնուողներուն կարգին էին Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ժան Թապեթ, ինչպէս նաեւ այլ անձեր եւ մրցաշարքին մասնակցող խումբերուն պատասխանատուները:

Ներկաներուն միջեւ ընդհանրապէս խօսակցութեան նիւթ դարձան այս մարզաշխարհը յուզող շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` յառաջիկայ տարի Ասիոյ ախոյեանութեան Լիբանանի հիւրընկալ երկիրը ըլլալու հարցը:

 

Share this Article
CATEGORIES